Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՄԵՆՔ ՆԱԵՒ ԴԱՄԱՍԿՈՍԻՆ ԱԿԱՆՋ ՊԷՏՔ Է ՏԱՆՔ. ՍՈՒՐԻԱՑԻ ԵՐԵՍՓՈԽԱՆՆԵՐ ԱՆԳԱՐԱՅԻ ՄԷՋ

July 20, 2011
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Տքթ. Խալտուն Քասսամ (Լաթաքիայէն երեսփոխան), Կլատիս Մաթար (Լաթաքիայէն գրող), Նաժտաթ Զիւրէյքա (Լաթաքիոյ Գրողներու միութեան նախագահ), Եուսուֆ Պալուշ (Ուիհտա» օրաթերթ, Լաթաքիա), ընդառաջելով Թուրքիոյ գրողներու համադաշնակցութեան Անթաքիոյ մասնաճիւղի նախագահ Մեհմեթի հրաւէրին, 28 յունիսին Անթաքիա եկան:

Քասսամ երիտասարդ եւ գործունեայ փաստաբան է, չորս տարիէ իբրեւ երեսփոխան կը ծառայէ Պաաս կուսակցութեան: Քասսամ հրատարակած է երկու նորավէպեր. «Ով որ կը կարդայ ատիկա» եւ «Խորագիրին տակ»: Անոր մեծ հայրը` Իզէտտին Քասսամ, հերոսներէն մէկն է ֆրանսացիներուն դէմ սուրիական դիմադրութեան:

Տոքթ. Խալտուն Քասսամ «Զաման»ի ներկայացուց Սուրիոյ պատահարները` իր դիտանկիւնէն:

Ըստ Քասսամի, զինեալ ահաբեկիչներ Միացեալ Նահանգներու թելադրանքով Սուրիա մտած եւ աւերած են աւաններ եւ գիւղեր: Սուրիացի 370 զինուոր սպաննուած է եւ 1700 հոգի` վիրաւորուած: Պաշշար Ասատին զօրակցութիւն յայտնելու համար շուրջ 12 միլիոն անձեր (2.7 միլիոն Դամասկոսի մէջ, 1.8 Հալէպի, 1.2 Լաթաքիոյ եւ 1 միլիոն` Հասաքէի մէջ) հաւաքի մասնակցեցան ամբողջ Սուրիոյ տարածքին:

Սուրիոյ մէջ Պաաս կուսակցութիւնը 3.5 միլիոն անդամ ունի: Խորհրդարանին մէջ ներկայացուած ընդդիմադիր կուսակցութիւններու դաշինքին մաս կազմող կազմակերպութիւնները 6 հարիւր հազար անդամ ունին: Ուրեմն, այս կը նշանակէ, թէ նախագահ Ասատ ընտրական զօրակցութիւն ունի իր ետին: Եթէ ընդդիմութիւնը իշխող կուսակցութենէն պիտի ուզէ ձերբազատիլ, ատիկա պէտք է ընէ ժողովրդավարական ձեւերով:

Սուրիոյ մէջ միայն կրօնական եւ համայնքային, հատուածական կուսակցութիւնները արգիլուած են: Ասատ խտրութիւն չի դներ ալեւիներու եւ սիւննիներու միջեւ, ոչ ալ` այլ կրօններու կամ հաւատալիքներու: Անոր կինը սիւննի է եւ անոր զաւակները քրիստոնէական դպրոց կը յաճախեն:

Կլատիս Մաթար ընդմիջեց. «Իբրեւ քրիստոնեայ` այլ երկրի մը մէջ ես այսքան հանգիստ չեմ կրնար ապրիլ: Սուրիոյ մէջ ժողովուրդին չի հարցուիր իրենց կրօնին կամ յարանուանութեան մասին»: Մաթար 9 գիրք հրատարակած է (Կլատիսմաթար.նեթ):

«Դուք որեւէ թերութիւն չունի՞ք», հարցուցի Քասսամի: Ան ըսաւ. «Անշո՛ւշտ ունինք»: Ան ապա բացատրեց բարեկարգումները, որոնք տեղի ունեցած են Սուրիոյ մէջ:

«Կաշառակերութեան պարագաներ կան, պետական հաստատութիւններու, բայց մանաւանդ` դատարաններու մէջ կողմնակալութիւններ կան: Երկու ամիս առաջ հիմնարկ մը հաստատուեցաւ այս երեւոյթները, թերութիւնները ջնջելու համար եւ` աւելի ազդու հսկողութիւն կատարելու: Այս հիմնարկը կառավարութենէն անկախ է եւ ունի փաստաբաններ, ակադեմականներ եւ այլ ասպարէզներու մարդիկ` իբրեւ անդամներ: Դամասկոսի մէջ տեղակայուած այս հիմնարկը իր մասնաճիւղերը ունի շրջանային բոլոր կեդրոններու մէջ: Աւելի՛ն. ընտրական օրէնքը պիտի բարեփոխուի: Նախագիծ մը հրապարակուած է համացանցի վրայ, եւ այդ նախագիծին վերաբերեալ ժողովուրդին տեսակէտները կը հաւաքուին: Բարեկարգումներ կը կատարուին բանտարկեալներուն, զինուորականներուն եւ գաղտնի սպասարկութեան համար:

Առանց արտօնագիրի խուզարկութիւններ արգիլուած են: Փողոցի ցոյցերուն ընթացքին զինուորներուն արգիլուեցաւ ժողովուրդին դէմ զէնք գործածել եւ անոնց միայն գաւազաններ տրուեցան: Մենք ամէն մարզի մէջ բարեկարգում սկսած ենք: Բայց ժամանակի պէտք ունինք: Սուրիոյ մէջ վառելանիւթը շատ աժան է: Ապրուստը սուղ չէ: Վերջին երեք տարիներու ընթացքին հանրային սպասարկութիւններու պաշտօնեաներուն, ներառեալ` հանգստեան կոչուածներուն, աշխատավարձը 300 առ հարիւր աւելցաւ:

Առողջապահական սպասարկութիւնն ու ուսումը անվճար են: Ուսումը ութ տարի պարտադիր է: Համալսարան յաճախելէ առաջ երեխայի մը համար իր ծնողներուն ծախսերը չեն անցնիր 500 տոլարը: Սուրիոյ մէջ քիւրտերուն անձնաթուղթ չունենալը մեր թերութիւնը չէ: Սուրիոյ մէջ բնակող քիւրտերը Իրաքէն եկած են: Անոնք Սուրիա ապաստանեցան 1950-ական թուականներուն, պատերազմին պատճառով: Իրականութեան մէջ անոնք Թուրքիա կ՛ուզէին երթալ, բայց այդ օրերու վարչապետ Ատնան Մենտերես չուզեց զանոնք, հետեւաբար անոնք Սուրիա եկան:

Սուրիա այժմ սկսած է անձնաթուղթ տալ քիւրտերուն: 37 հազար քիւրտեր դիմած են ասոր համար: Սուրիա 1.5 միլիոն իրաքցի գաղթականներ կը հիւրընկալէ 2003-էն ի վեր, 900 հազար պաղեստինցիներ, 60 հազար լիբանանցիներ եւ 20 հազար մաւրիտանացի գաղթականներ` 1948-էն ի վեր: Անոնց անձնաթուղթ չէ տրուած, եւ անոնք քաղաքացիութիւն չեն ստացած: Սուրիա ե՛ւ դրացի, ե՛ւ բարեկամ է Թուրքիոյ, թէեւ ջանքեր կան Սուրիան եւ Թուրքիան իրարու դէմ լարելու համար: Մեր փափաքն է երկու երկիրներու միջեւ գոյութիւն ունեցող բարեկամութեան բարելաւումը:

Ես կ՛ուզեմ շնորհակալութիւն յայտնել Քասսամի, որ իբրեւ Պաաս կուսակցութեան երեսփոխան` Սուրիոյ մասին խօսեցաւ իր դիտանկիւնէն: Մենք բոլորս կը յուսանք, որ Սուրիոյ մէջ արիւնահեղութիւնը կը դադրի կարելի եղածին չափ շուտ: Բայց նաեւ ճիշդ է, որ Սուրիա շատ ուշացած է հաստատելու իսկական ժողովրդավարութիւն եւ մարդկային իրաւունքներու եւ ազատութեան յարգում:

Կը յուսամ, որ սխալները ուղեցոյց կը ծառայեն ճիշդերու:

ՀԱՍԱՆ ՔԱՆՊՈԼԱԹ

«Զաման»

Նախորդը

ՀԱՅՐԵՆԻ ԿԵԱՆՔ

Յաջորդը

ԱԼԵՒԻՆԵՐԻ ՊԱՅՔԱՐԸ ԹՈՒՐՔԻԱՅՈՒՄ ԱՐԴԻ ՓՈՒԼՈՒՄ (Բ.)

RelatedPosts

Գետ-Գիտութեան. Ինչպէ՞ս 1982 Թուականի Թայլենոլի Սպանութիւնները Փոխեցին Դեղերու Օգտագործման Ձեւը
Միջազգային

Գետ-Գիտութեան. Ինչպէ՞ս 1982 Թուականի Թայլենոլի Սպանութիւնները Փոխեցին Դեղերու Օգտագործման Ձեւը

December 19, 2023
Գետ-Գիտութեան. Zipline International. Տրոններով Արեան Առաքման Ծառայութիւն
Միջազգային

Գետ-Գիտութեան. Zipline International. Տրոններով Արեան Առաքման Ծառայութիւն

December 15, 2023
Գետ-Գիտութեան. Քարիւղը (Մաս Գ.) Քարիւղը Հանածոյ Վառելանիւթ Է Եւ Ուժանիւթի Ոչ Վերականգնուող Աղբիւր
Միջազգային

Գետ-Գիտութեան. Քարիւղը (Մաս Գ.) Քարիւղը Հանածոյ Վառելանիւթ Է Եւ Ուժանիւթի Ոչ Վերականգնուող Աղբիւր

November 28, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.