Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան իշխանութիւնները, ցուցաբերելով բարի կամեցողութիւն եւ հաւատարմութիւն Ժընեւեան հռչակագիրին դրոյթներուն նկատմամբ, Կարմիր խաչի միջազգային խորհուրդի Ստեփանակերտի գրասենեակին օժանդակութեամբ Ազրպէյճանի ներկայացուցիչներուն յանձնած են Արցախի Շահումեանի շրջան թափանցած հակառակորդի հետախուզական գործողութեան խումբի երրորդ անդամին` ձերբակալման ժամանակ զինեալ դիմադրութիւն ցուցաբերած, վնասազերծուած եւ ոչնչացուած Հ. Հասանովի դիակը: Այս մասին յայտնեցին Արցախի ռազմագերիներու, պատանդներու եւ անյայտ կորսուածներու հարցերով պետական յանձնախումբէն:
Փոխանցումը տեղի ունեցած է երէկ կէսօրին, Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան եւ Ազրպէյճանի Հանրապետութեան միջեւ սահմանի հատուածին մէջ` Պաշ Քարվենտ գիւղին մօտ:


