Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Յակոբ Ինջիղուլեան Հայաստան Վերադարձաւ

October 3, 2014
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

1002_Hagop-Injighoulian1Երէկ առաւօտեան կանուխ ժամերուն Մոսկուայէն  օդանաւային տարանցիկ թռիչքով երրորդ երկրէ մը Հայաստան վերադարձաւ տարիէ մը ի վեր ազրպէյճանական գերութեան մէջ գտնուող  23-ամեայ զինուոր Յակոբ Ինջիղուլեան: «Զուարթնոց» օդակայանին մէջ հաւաքուած Յակոբին հարազատները ծափահարութիւններով դիմաւորեցին զինք, մէջքին պարզելով Հայաստանի եռագոյն դրօշը:

Յակոբին ծնողները  տարի մը ամբողջ իրենց զաւկին հետ հաղորդակցած էին  միայն Կարմիր խաչի փոխանցած կարճ նամակներով: Յակոբ բարձր տրամադրութիւն ունէր, վերջին մէկ ամիսը ան  անցուցած է երրորդ երկրի մը` Ռումանիոյ մէջ:

«Շատ լաւ է, ինծի համար հրաշալի է, որ ես կը գտնուիմ Հայաստանի մէջ, բժշկական քննութեան պիտի ենթարկուիմ: Ես կ՛ուզեմ շնորհակալական խօսքեր ուղղել միջազգային կազմակերպութիւններուն եւ պետութիւններուն, որոնք զիս ազատեցին գերեվարութենէ», ըսաւ Ինջիղուլեան:

Ան վստահեցուց, որ ինքնակամ որոշած է հայրենիք վերադառնալ: Հայաստանի իշխանութիւններէն ստացած է հաստատումներ, որ այստեղ իրեն պիտի չսպառնայ որեւէ տեսակի, ներառեալ` քրէական հետապնդում: Աւելի՛ն` ան մտադիր է շարունակել կիսատ ձգած զինուորական ծառայութիւնը:

«Պարտքը շարունակելու 9 ամսուան ծառայութիւն մնացած էր: Կ՛ուզեմ երթալ շարունակել»,  ըսաւ Յակոբ Ինջիղուլեան:

Գերութենէն  ազատած Ինջիղուլեան երէկ յայտարարեց, որ Ազրպէյճանի մէջ ծեծի եւ խոշտանգումներու ենթարկուած է, մահուան սպառնալիքներու տակ ստիպուած եղած է  ըսել այն, որ պահանջած են:

«Ծեծ, ծեծ եւ ծաղրանք, հայհոյանք: Կ՛ըսէին` մեր ըսածին պէս  եթէ չշարժիս, մեր ըսածը եթէ չընես, այդ հովիւին  ճակատագիրին կը մատնուիս` գնդակահարութիւն: Հարցազրոյցէն  առաջ կը կանչէին եւ կ՛ըսէին, նոյնիսկ Կարմիր խաչէն առաջ ալ կը կանչէին եւ կ՛ըսէին` Կարմիր խաչը երբ գայ` ինչ պիտի ըսես, նամակները կ՛ընթերցէին` իմ ընտանիքիս, գրելէ առաջ  բովանդակութիւնը  կ՛ըսէին, ես ալ կը գիտնայի ինչ պէտք է ընեմ: Ատիկա ալ իմ կեանքիս համար ըրած եմ, եւ ատոր շնորհիւ հիմա ես այստեղ եմ»,  ըսաւ գերութենէն վերադարձած Յակոբ Ինջիղուլեան:

Երրորդ երկիր տեղափոխուիլը, ըստ Ինջիղուլեանի, դարձեալ պարտադրանքի տակ եղած է, Ազրպէյճանի մէջ սպառնացած են զայն սպաննել, եթէ փորձէ Հայաստան վերադառնալ:

«Խնդրած եմ Կարմիր խաչին եւ գաղթականներու գերագոյն յանձնախումբի Ալեքսանտր Նովիկովէն, որ արագացնէ դէպի երրորդ երկիր երթալու իմ հոլովոյթս: Ազրպէյճանական ղեկավարութիւնը ըսած է` պէտք է երթաս երրորդ երկիր, եթէ փորձես փախչիլ գերեվարութենէն կամ ուզես այնպէս ընել, որ գաս Հայաստան, քեզի գնդակահարութիւն կը սպասէ», պատմեց Ինջիղուլեան:

Ճնշումներու միջոցով նաեւ փորձած են տեղեկութիւններ ստանալ` քաղաքական բնոյթի հարցումներ ուղղած են, պահանջած պատմել մարտական դիրքերու մասին. «Բայց ատիկա ուղղակի սփռումի ընթացքին ըսուելիք չէ», ըսաւ ան:

Պաքուի մէջ ապրած է հինգ յարկանի բանտի մը  շէնքին մէջ, միշտ կղպանքի տակ  պահած են, բայց տեսած է այլ հայեր, որոնց մասին չուզեց պատմել: Տարուան մը ընթացքին ան միայն մէկ անգամ բժշկական քննութեան ենթարկուած է:

Մինչեւ բանակ զօրակոչուիլը Յակոբ Ինջիղուլեան ուսանած է Գէորգեան ճեմարանին մէջ, ուզած է հոգեւորական դառնալ: Ծնողները Յակոբին վերադարձը հրաշք կը նկատեն, եղբայրը` Յարութիւնը, որ մեկնած էր բերելու Յակոբը, ըսաւ որ ան առողջութենէն չէ դժգոհած:

 

 

Նախորդը

Արժանթինի Մէջ Կը Սկսի Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակի Նուիրուած Միամեայ Արշաւը

Յաջորդը

Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Իշխանութիւնները Ազրպէյճանին Յանձնեցին Հետախոյզին Դիակը

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.