Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը հրապարակած է 50-էն աւելի գաղտնի փաստաթուղթեր, որոնք կը վերաբերին Հայոց ցեղասպանութեան եւ այդ հարցին մէջ Բրիտանիոյ կառավարութեան քաղաքականութեան: «Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ փաստաթուղթերը կարելի է տեսնել Բրիտանիոյ կառավարութեան պաշտօնական կայքի «Հրապարակումներ» բաժինին վրայ:
Փաստաթուղթերը կը պարունակեն արտաքին գործոց նախարարութեան տարբեր բաժանմունքներուն կողմէ գրուած նամակներ` Բրիտանիոյ նախարարներուն եւ երեսփոխաններուն: Փաստաթուղթերէն մէկուն մէջ, որ թուագրուած է 17 յունիս 2010 եւ հասցէագրուած այդ ժամանակ Եւրոպայի հարցերով նախարար Ճասթին ՄքՔենզի Սմիթին, կը նշուի. «Հայկական սփիւռքը լոպիիստական հզօր աշխատանքներ կը կատարէ համոզելու աշխարհի կառավարութիւնները 1915-1917 թուականներուն Օսմանեան կայսրութեան մէջ տեղի ունեցած իրադարձութիւններուն համար օգտագործելու «Ցեղասպանութիւն» եզրը: Արտաքին գործոց նախարարութիւնը պարբերաբար խորհրդարանականներէն եւ հասարակութենէն կը ստանայ նամակներ, որոնց մէջ կոչ կ՛ուղղուի այդ իրադարձութիւնները իբրեւ ցեղասպանութիւն ճանչնալու»:
Կը նշուի նաեւ, որ խնդիրին վերաբերեալ դիմումներ սկսած են ստանալ նաեւ կառավարութեան միւս վարչութիւնները եւ վարչակազմի աշխատակիցները, թէեւ ատիկա արտաքին գործոց նախարարութեան լիազօրութիւններուն ենթակայ խնդիր է:
Նախարարին կ՛առաջարկուի խնդիրին անդրադառնալու ընթացքին ընտրել Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան նախընտրելի քաղաքականութիւնը` հայերու կոտորածները չճանչնալ իբրեւ ցեղասպանութիւն: Կը նշուի, որ այս տարբերակը յարաբերաբար նուազ վտանգներ կը պարունակէ. Հայաստանի Հանրապետութիւնը շարունակաբար Հայոց ցեղասպանութիւնը չճանչնալէն պիտի եզրակացնէ, որ Բրիտանիա Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի հետ յարաբերութեանց աւելի նախապատուութիւն կու տայ, քան Հայաստանի հետ յարաբերութիւններուն: «Սակայն ասիկա տեսակէտ է, որ անոնք արդէն իսկ ունին», կը նշուի փաստաթուղթին մէջ, «իսկ հայկական սփիւռքը Բրիտանիոյ մէջ թէեւ բաւական աշխուժ է այս հարցին մէջ, սակայն քանակապէս փոքր է (20 հազարէն պակաս):
«Հայերու կոտորածի ճանաչումը իբրեւ ցեղասպանութիւն կրնայ աւելցնել Բրիտանիոյ վրայ ճնշումները լոպիիստական այլ խումբերու կողմէ` այլ «ցեղասպանութիւններ» ճանչնալու համար», կ՛ըսուի փաստաթուղթին մէջ:
Միաժամանակ կը նշուի, որ Բրիտանիան շարունակ դատապարտած է անցեալ դարասկիզբին հայերու կոտորածները եւ տեղահանութիւնները Օսմանեան կայսրութեան մէջ: Բրիտանական կառավարութիւնը ժամանակին այդ կոտորածները նկարագրած էր իբրեւ «յանցագործութիւն ընդդէմ մարդկութեան»:


