
Կառավարութիւնը երէկ կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, վարչապետարանին մէջ նախագահութեամբ վարչապետ Թամմամ Սալամի գումարեց իր ընթացիկ նիստը, որ տեւեց մինչեւ երեկոյեան ժամը 6:30:
Նիստին ընթացքին օրակարգէ դուրս քննարկուող հիմնական նիւթը եղաւ առեւանգուած զինուորներուն թղթածրարը, որուն առումով շեշտուեցաւ, որ թղթածրարին հետեւելու պատասխանատուութիւնը պէտք է վստահիլ Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմի եւ վարչապետին` ընդգծելով այդ առումով տեղեկատուական մարզին մէջ լուռ մնալու եւ զինուորականները ազատ արձակելու բանակցութիւններուն մասին գաղտնապահութեան կարեւորութիւնը:
Առեւանգուած զինուորները ազատ արձակելու առումով Ազգային ազատ հոսանք եւ Փաղանգաւոր կուսակցութիւններուն նախարարները մերժեցին փոխանակումի գաղափարը, մինչդեռ Հըզպալլայի նախարարները շեշտեցին, որ իրենք համաձայն են անուղղակի բանակցութիւնները շարունակելու` իմանալու համար առեւանգողներուն պահանջները:
Տեղեկատուութեան նախարար Ռամզի Ժրէյժ շեշտեց, որ նիստին ընթացքին վարչապետ Սալամ հաստատած է, որ ինք գիշեր ցերեկ այդ հարցը կը քննարկէ ներքին գործոց նախարարին եւ զօր. Ապպաս Իպրահիմի հետ:
Ան ըսաւ նաեւ, որ ըստ վարչապետին, քաթարեան իշխանութիւնները կարեւոր եւ դրական դերակատարութիւն կ՛ունենան` բանակցութիւնները վարելու իմաստով:
Կառավարութիւնը յետաձգեց սուրիացի գաղթականներուն յատուկ գաղթակայաններ հիմնելու թղթածրարին քննարկումը, որուն մասին արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ արտայայտուեցաւ ըսելով, որ այդ գաղթակայանները նոյնիսկ դար մը ետք կարելի չէ հիմնել:
Միւս կողմէ, կառավարութեան նիստին զուգահեռ առեւանգուած բանակայիններուն ընտանիքները վարչապետարանին դիմաց կատարեցին բողոքի ցոյց մը, որուն ընթացքին իրենց մարմիններով փակեցին դէպի Դրամատուներու փողոց տանող ճամբան. անոնք կառավարութենէն պահանջեցին փոխանակումի դիմել:
Ռիատ Սոլհի հրապարակին վրայ տեղի ունեցած բողոքի ցոյցին ընթացքին առեւանգուած բանակայիններուն ընտանիքները կառավարութիւնը զգուշացուցին ձգձգումէն եւ կանխաւ լիբանանցիներէն ներում հայցեցին` հետագային իրենց որդեգրելիք մագլցողական քայլերուն համար:
Ցուցարարներուն միացաւ առողջապահութեան նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուր, որ վարչապետին եւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի անունով փարատեց անոնց մտահոգութիւնները` ընդգծելով, որ ըստ Ապպաս Իպրահիմի, ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուքի եւ վարչապետին տեղեկութիւններուն, առեւանգուած բանակայինները ազատ արձակելու իմաստով դրական նշոյլներ կան եւ բանակցութիւնները ընթացքի մէջ են:


