Երէկ առաւօտեան «Շաղզոյեան» կեդրոն այցելեց եւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին հետ տեսակցութիւն ունեցաւ Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Աշոտ Քոչարեան: Դեսպանին կ՛ընկերակցէր դեսպանութեան խորհրդական Աշոտ Վարդանեան: Կեդրոնական կոմիտէին կողմէ դեսպանն ու խորհրդականը ընդունեցին Յակոբ Խաչերեան, Յակոբ Հաւաթեան եւ Շահան Գանտահարեան:
Խորհրդակցութիւնները կեդրոնացան Հայաստան-Լիբանան միջպետական յարաբերութիւններուն, տարբեր մարզերու մէջ հայաստանեան տարբեր կառոյցներու եւ լիբանանահայ գաղութի համագործակցութեան եւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի վերաբերող աշխատանքներուն:


