«Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ Եւրոպական խորհրդարանին մէջ Ազրպէյճանի վերաբերեալ հինգշաբթի օր որդեգրուած բանաձեւը, որուն մէջ լուրջ քննադատութեան ենթարկուած է Ազրպէյճանի իշխանութիւնը` եւրոպական կառոյցներուն առջեւ ստանձնած պարտաւորութիւնները չկատարելուն եւ երկրին մէջ փաստացի բռնապետութիւն ստեղծելուն համար, Ազրպէյճանի մէջ դարձած է իրենց անյաջողութիւններուն համար անգամ մը եւս հայերը մեղադրելու պատրուակի:
Ազրպէյճանի իշխող «Ենի Ազերպայճան» կուսակցութեան փոխնախագահ Սիյաւուշ Նովրուզով Haqqin.az կայքին հետ Եւրոպական խորհրդարանի բանաձեւին վերաբերեալ զրոյցի մը ընթացքին յայտարարած է, որ իր կատարած «հետազօտութիւններուն» բերումով ի յայտ բերած է, որ Եւրոպական խորհրդարանին մէջ որդեգրուած Ազրպէյճանի դէմ եղող բանաձեւը պատրաստած են այդ կառոյցի 46 «հայամէտ» երեսփոխաններ: «Անոնք բոլորն այս կամ այն աստիճան կապուած են հայկական լոպիին հետ, ո՛չ աւելի, ո՛չ պակաս», ըսած է ան:
Նովրուզով իր այդ «բացայայտումը» բացատրած է այն բանով, որ Եւրոպական խորհրդարանին կողմէ հակաազրպէյճանական բանաձեւ որդեգրելու հիմնական պատճառը այն է, որ «երկիրը արագօրէն տնտեսապէս կը զարգանայ, կ՛աճին բնակչութեան եկամուտները, լուրջ բարեփոխումներ կը կատարուին», եւ շարունակած է թուարկել ազրպէյճանական իրականութեան չվերաբերող այլ անհեթեթութիւններ:


