Հայաստանի Հանրապետութեան դատախազութեան լրատուական ծառայութիւնը կը հաղորդէ, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը «Տողու Փերինչեք ընդդէմ Զուիցերիա» դատական գործին պիտի մասնակցի իբրեւ երրորդ կողմ:
Փերինչեքի գործով իբրեւ երրորդ կողմ ներգրաւուելու խնդրանքով Մարդկային իրաւանց եւրոպական դատարանին մէջ Հայաստանի կառավարութեան լիազօր ներկայացուցիչ, Հայաստանի Հանրապետութեան ընդհանուր դատախազ Գէորգ Կոստանեան Մարդկային իրաւանց Եւրոպական դատարանին դիմած էր 20 օգոստոս 2014-ին: Մարդկային իրաւանց Եւրոպական դատարանի Մեծ պալատը երէկ հաստատած է Հայաստանի մասնակցութեան կարելիութիւնը: Նիստը նախատեսուած է 28 յունուար 2015-ին: Մինչ այդ, հայկական կողմը գործի վերաբերեալ իր դիրքորոշումը Մարդկային իրաւանց Եւրոպական դատարանի Մեծ պալատին պիտի ներկայացնէ գրաւոր, իսկ 28 յունուարի նիստի ընթացքին նաեւ բանաւոր հանդէս գալու կարելիութիւն պիտի ունենայ:
Փերինչեք ընդդէմ Զուիցերիոյ գործով իբրեւ երրորդ կողմ ներգրաւուած է նաեւ Թուրքիա:


