
Kontakt.az կը հաղորդէ, որ Եւրոպական խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովի նախագահ Ան Պրասէօր Ազրպէյճան կատարած իր այցելութեան շուրջ տրուած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարած է, որ Ազրպէյճանը` մուտք գործելով Եւրոպական խորհուրդ, կամաւոր կերպով ստանձնած է ժողովրդավարութեան, օրէնքի գերակայութեան եւ մարդկային իրաւանց մարզերուն մէջ պարտաւորութիւններ, եւ անոնք կը կրեն ոչ միայն քաղաքական, այլ նաեւ իրաւաբանական բնոյթ ու պարտադիր են իրականացման համար:
Ան յայտարարած է երկրին մէջ ուժեղ ընդդիմութեան գործունէութեան համար օրէնսդրական երաշխիքներու բացակայութեան մասին, առանց որոնց գոյութեան ժողովրդավարութիւնը անկարելի է:
Պրասէօր նաեւ ուշադրութիւնը կեդրոնացուցած է Ազրպէյճանի քաղաքացիական հասարակութեան գործիչներու վերջին ձերբակալութիւններուն վրայ: Եւրոպական խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովի նախագահը յայտնած է, որ Ազրպէյճան կատարած եռօրեայ այցելութեան ընթացքին հանդիպում ունեցած է երկրի նախագահին, խորհրդարանի նախագահին, խորհրդարանին մէջ քաղաքական կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներուն, արդարադատութեան նախարարին, գլխաւոր դատախազին, քաղաքացիական հասարակութեան գործիչներու եւ բանտարկուած անձերու հետ:
Ըստ անոր, խորհրդարանին մէջ հանդիպումներու ընթացքին քննարկումներուն հիմնական նիւթը դարձած է ղարաբաղեան տագնապը: Ան նշած է, որ խնդիրը կրնայ կարգաւորուիլ երկխօսութեան միջոցով, եւ Եւրոպական խորհուրդը կ՛աջակցի ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ջանքերուն:
Ան յայտնած է նաեւ, որ Եւրոպական խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովին մէջ գոյութիւն ունին Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի պատուիրակութիւններ, եւ վեհաժողովը կրնայ ներդրում ունենալ տագնապի լուծման գործին մէջ` երկխօսութեան միջոցով: Ան նաեւ յիշեցուցած է, որ 2005-ին Եւրոպական խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովը ղարաբաղեան խնդիրին վերաբերեալ բանաձեւ որդեգրած է:
Պրասէօր նաեւ նշած է ոչ կառավարական կազմակերպութիւններու գործունէութեան մէջ խնդիրներու եւ անոնց արձանագրութեան ընթացակարգերու դժուարութիւններու գոյութիւնը: Ըստ անոր, պէտք է ստեղծուին քաղաքացիական հասարակութեան գործունէութեան եւ արտայայտման ազատութեան համար կարելիութիւններու իրականացման համար բնական պայմաններ:
Պրասէօր նշած է, որ Ազրպէյճանի նախագահին հետ հանդիպումի ընթացքին արծարծած է քաղաքական բանտարկեալներու ազատ արձակման հարցը: Ան նշած է, որ լաւատես չէ եւ չի կարծեր, որ քաղաքական բանտարկեալները շուտով ազատ պիտի արձակուին` միեւնոյն ժամանակ չբացառելով 1-2 մարդու ազատ արձակումը:
Պրասէօր նաեւ հետաքրքրուած է քաղաքացիական հասարակութեան գործիչներու զանգուածային ձերբակալութիւններուն պատճառներով: Ան նաեւ անհանգստութիւն կը յայտնէ կալանավայրին մէջ իրաւապաշտպան Լէյլա Եունուսի վրայ գործադրուած ճնշումներուն մասին տեղեկութեանց առնչութեամբ եւ կոչ ուղղած անոր դէմ գործուած բռնութեան փաստերուն շուրջ հետաքննութիւն կատարելու:


