«Հիւրրիյէթ Տէյլի Նիուզ» կը հաղորդէ, որ Սուրիոյ մէջ գործող Լիուա Թաուհիտ խմբաւորումը ազատ արձակած է իր մօտ գտնուող ՏԱՀԵՇ-ի 50 անդամներ, ներառեալ` Հալէպի մէջ սպաննուած անոր ղեկավարներէն մէկուն կինն ու երեխաները, որուն փոխարէն ՏԱՀԵՇ ազատ արձակած է 101 օրէ ի վեր իր մօտ գտնուող 49 թուրք պատանդները:
Միւս կողմէ, ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի մէջ ձերբակալուած են 26 ազրպէյճանցիներ, որոնք կռուած են ՏԱՀԵՇ-ի եւ այլ արմատական խմբաւորումներու շարքերուն մէջ: Ազրպէյճանական օրէնսդրութեամբ անոնք կրնան մինչեւ քսան տարուան կամ ցկեանս բանտարկութեան դատապարտուիլ:


