Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ուաշինկթըն Սուրիոյ Մէջ ՏԱՀԵՇ-ի Դէմ Հարուածներուն Սկիզբը Յայտարարեց

September 24, 2014
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

0923_US-airstrikesՄիացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտարարեց, որ Սուրիոյ մէջ ՏԱՀԵՇ-ի դիրքերուն դէմ այլ «գործընկերներու» օգնութեամբ հարուածները ընթացք առած են: Փենթակոնի բանբեր Ճոն Քըրպի յայտարարեց, որ Սուրիոյ մէջ ՏԱՀԵՇ-ի դիրքերը հարուածած են ռմբաձիգներով եւ «Թոմահոք» տիպի հրթիռներով, որոնք արձակուած են Միջերկրական ծովու միջազգային ջուրերուն մէջ գտնուող ամերիկեան մարտանաւերէ:

Երկուշաբթիէն երեքշաբթի լուսցող գիշերուան ընթացքին հարուածներուն թիրախները Ռաքքա նահանգին մէջ ՏԱՀԵՇ-ի կեդրոններն էին: Ամերիկացի պաշտօնատար մը յայտարարեց, որ յարձակումին մասնակից էին Սէուտական Արաբիան, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները, Յորդանանը եւ Պահրէյնը: Յորդանանեան բանակը աւելի ուշ հաստատեց իր մասնակցութիւնը: Պահրէյն եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ եւս հաստատեցին իրենց երկրին մասնակցութիւնը: Նշենք, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերիի երէկ յայտարարեց, որ Թուրքիա պիտի մասնակցի ՏԱՀԵՇ-ի դէմ օդային հարուածներուն:

Օդային հարուածները ներառած են Քայիտայի առնչակից Խորասան խմբաւորումը, որ կը պատրաստուէր ամերիկեան եւ եւրոպական շահերու դէմ յարձակումներու: Աղբիւրները նշեցին, որ այդ հարուածները պիտի շարունակուին:

Արդարեւ, երէկ ամերիկեան օդուժը շարունակեց Սուրիոյ մէջ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ յարձակումները` ռմբակոծելով Հասաքա նահանգի Հոլ շրջանը, Իտլիպի գիւղական շրջանին մէջ գտնուող Քաֆարտրիանի մէջ Ժապհաթ Նուսրայի կեդրոնատեղի մը եւ Սարմատայի մէջ զինագործարան մը: Իտլիպի գիւղական շրջանին մէջ ամերիկեան օդուժի մէկ հարուածին պատճառով սպաննուեցան Ժապհաթ Նուսրայի մարտական ղեկավարներէն Ապու Եուսեֆ Թուրքին եւ անոր զինակիցները:

Ամերիկեան օդուժի յարձակումներուն կողքին երէկ սուրիական օդուժը եւս հարուածեց Թուրքիոյ սահմանակից Ռաս Ուլ Այն շրջանի Ալիա գիւղին մէջ գտնուող ՏԱՀԵՇ-ի մէկ հրամանատարական կեդրոնը, ինչպէս նաեւ Հասաքէյի արեւմուտքը գտնուող Ղուրրա, Մաղլուճա եւ Ապու Թլել գիւղերուն մէջ խմբաւորումին պատկանող կեդրոններ:

Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտնեց, որ Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ուալիտ Մոալլեմ իրաքցի իր պաշտօնակից Իպրահիմ Ժահֆարիի ճամբով Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրիէն պատգամ մը ստացած է, որ Ուաշինկթըն վճռած է հարուածել Սուրիոյ մէջ ՏԱՀԵՇ-ին պատկանող դիրքեր, իսկ ՄԱԿ-ի մօտ Միացեալ Նահանգներու մնայուն ներկայացուցիչը յարձակումէն ժամեր առաջ ՄԱԿ-ի մէջ Սուրիոյ մնայուն ներկայացուցիչին յայտնած է, որ Միացեալ Նահանգներն ու անոնց դաշնակիցները յարձակումներ պիտի գործեն Սուրիոյ մէջ ՏԱՀԵՇ-ի դիրքերուն դէմ: Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութենէն պաշտօնատար մը հաստատեց, որ Ուաշինկթըն Դամասկոսը տեղեակ պահած է, սակայն արտօնութիւն չէ խնդրած, սակայն աւելի ուշ նախարարութեան բանբեր Ճեն Փսաքի յայտարարեց, որ իրենք Դամասկոսը ո՛չ նախօրօք տեղեակ պահած են, ո՛չ ալ արտօնութիւն խնդրած են:

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին երկուշաբթիէն երեքշաբթի լուսցող գիշերուան ընթացքին ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մունին հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին յայտնած է, որ սուրիական հողերուն վրայ ՏԱՀԵՇ-ի դիրքերուն դէմ օդային հարուածները պէտք չէ տեղի ունենան առանց սուրիական կառավարութեան հաւանութեան:

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա երէկ ուղերձի մը մէջ յայտնեց, որ իր երկիրը լայն տարողութեամբ պիտի գործէ, իսկ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի դաշինքի ուժը աշխարհին ցոյց պիտի տայ, որ «ահաբեկչութեան դէմ պատերազմը միայն մերը չէ»: «Դաշինքը կը հաստատէ, որ ճակատամարտը Միջին Արեւելքի մէջ ահաբեկչութիւնը մերժող բոլոր երկիրներուն եւ ժողովուրդներուն ճակատամարտն է»:

Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ Իրաքի վարչապետի պատուիրակ Ֆալեհ Ֆայեատին յայտնեց, որ Սուրիա կ՛աջակցի ահաբեկչութեան դէմ պայքարին ծառայող որեւէ ջանքի, իսկ այդ ջանքերուն յաջողութիւնը միայն զինուորական քայլերու առնչուած չէ:

Միւս կողմէ, քրտական աղբիւրներ «Շարք Աուսաթ» օրաթերթին յայտնած են, որ սուրիացի քիւրտեր Տիգրանակերտէն եւ Թուրքիոյ սահմանակից շրջաններէն օժանդակութիւն ստանալէ ետք յաջողած են կանգնեցնել Քոպանի քաղաքին ուղղութեամբ ՏԱՀԵՇ-ի յառաջխաղացքը: Քիւրտ զինեալները Աֆրինէն եւ Ժազիրա շրջանէն յարձակումներ շղթայազերծած են Քոպանիի գիւղական շրջաններ հասնելով` քաղաքին պաշարումին վերջ տալու համար: Անոնք յաջողած են Ռաս Ուլ Այնի եւ Թել Ապիատի միջեւ տարածութեան կէսը կտրել եւ բազմաթիւ գիւղեր ազատագրել, եւ այժմ կը յառաջանան դէպի Թել Ապիատ` Այն Արապի գիւղական շրջանը պաշարումէն փրկելու համար:

 

 

Նախորդը

Իսրայէլեան Բանակը Վար Առաւ Սուրիական Պատերազմական Օդանաւ Մը

Յաջորդը

ՏԱՀԵՇ Ինչի՞ Դիմաց Ազատ Արձակած Է Թուրք Պատանդները

RelatedPosts

Քրեմլին. «Գերմանիոյ Մէջ Ամերիկեան  Եռահաս Հրթիռներու Տեղակայումը Պաղ  Պատերազմին Վերադառնալ Է»
Միջազգային

Քրեմլին. «Մտադիր Ենք Կապ Հաստատելու Եւրոպացիներուն Հետ` Հասկնալու Համար, Թէ Խաղաղութիւն Փափաքող Դաշինք Կը Ներկայացնե՞ն»

November 24, 2026
Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի  Շղթայազերծման Որոշումը  Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի Շղթայազերծման Որոշումը Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան

November 21, 2026
Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով`  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան  Եռակողմ Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան Եռակողմ Վեհաժողով

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.