
Վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ Նիւ Եորք կատարելիք իր պաշտօնական այցելութենէն անմիջապէս առաջ յայտնեց, որ կառավարութիւնը ոչ մէկ ձեւով թերացած է առեւանգուած զինուորներուն թղթածրարին առումով:
«Մենք ամէն ջանք ի գործ դրինք զանոնք ազատ արձակելու նպատակով, սակայն այս մասին մենք ոչ մէկ երաշխիք կրնանք տալ առեւանգուած բանակայիններու ծնողներուն, որովհետեւ ահաբեկչութեան կողքին ոչ մէկ երաշխիք կրնայ ըլլալ», ըսաւ վարչապետ Սալամ:
Ան շեշտեց, որ իրենք նախանձախնդիր են բանակցութիւնները աւելի ամուր հիմերու վրայ դնելու` հիմնուելով սպանութեան չդիմելու խոստումներուն վրայ, սակայն այդ մէկը տակաւին կարելի չէ եղած իրականացնել:
Ան ըսաւ, որ նախապէս իրենք Թուրքիոյ օժանդակութիւնը խնդրած են, սակայն օրին Թուրքիա զբաղած էր Մուսուլի մէջ իր առեւանգուածներուն թղթածրարը լուծելով, հաւանաբար այս հանգրուանին Թուրքիոյ միջամտութիւնը կարելի ըլլայ:
Անդրադառնալով սուրիացի գաղթականներուն թղթածրարին` վարչապետ Սալամ շեշտեց, որ այդ իմաստով Լիբանանին կատարուած միջազգային օժանդակութիւնը խոցելի է:
Վարչապետ Սալամ ըսաւ, որ ինք ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովին պիտի ներկայացնէ բանակին եւ ապահովութեան ուժերուն կողմէ ահաբեկչութեան դէմ մղուած պայքարին մանրամասնութիւնները:
Նշենք, որ նախքան իր մեկնումը, վարչապետ Սալամ հանդիպումներ ունեցաւ փոխվարչապետ, պաշտպանութեան նախարար Սամիր Մուքպելի, ինչպէս նաեւ ներքին գործոց եւ առողջապահութեան նախարարներ Նուհատ Մաշնուքի եւ Ուաէլ Ապու Ֆաուրի հետ:
Քննարկուեցան երկրին քաղաքական իրադարձութիւնները:
Միւս կողմէ, «Հայաթ» օրաթերթին համաձայն, վարչապետ Սալամ Նիւ Եորքի մէջ հանդիպումներ պիտի ունենայ Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտի Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի, Եգիպտոսի նախագահ Ապտել Ֆաթթահ Սիսիի, Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանիի, Իրաքի նախագահ Ֆուատ Մաասումի եւ Միացեալ նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրիի հետ:


