Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԸՍՏ ԱՐՄԱՆ ՄԵԼԻՔԵԱՆԻ ԱԶԱՏԱԳՐՈՒԱԾ ՏԱՐԱԾՔՆԵՐՈՒ ՀԱՅԵՐՈՎ ՎԵՐԱԲՆԱԿԵՑՈՒՄԸ ԿԸ ԲԱՐԴԱՑՆԷ ԱՆՈՆՑ ՎԵՐԱԴԱՐՁԸ ԱԶՐՊԷՅՃԱՆԻՆ

July 18, 2011
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Արման Մելիքեան

Ամերիկեան հեղինակաւոր «Ուաշինկթըն Փոսթ» պարբերականը անդրադարձած է ազատագրուած տարածքներուն վրայ Ազրպէյճանէն գաղթած հայերու վերաբնակեցման խնդիրին:

Թերթի լրագրողին հետ զրոյցին ընթացքին Լեռնային Ղարաբաղի արտաքին գործոց նախկին նախարար Արման Մելիքեան ըսած է, որ այդ տարածքներուն մէջ հայ գաղթականներու վերաբնակեցումը կրնայ ըլլալ Ազրպէյճանի մէջ անոնց կորսնցուցած ունեցուածքի փոխհատուցումը, ինչպէս նաեւ կրնայ խափանել Մինսքի խմբակին պատրաստած շրջանակային համաձայնագիրի ստորագրումը, որ, ըստ Մելիքեանի, կը նախատեսէ նաեւ տարածքներու վերադարձ: Մելիքեան կը գտնէ, որ եթէ այդ շրջանները բնակեցուած ըլլան հայերով, ապա ատիկա բաւական կը բարդացնէ տարածքներու վերադարձը Ազրպէյճանին:

Յօդուածագիրին կարծիքովն Մելիքեանի այս ծրագիրի իրականացման պարագային բաց կը մնայ Լեռնային Ղարաբաղէն եւ ազատագրուած տարածքներէն հեռացած ազրպէյճանցիներու ունեցուածքի կորուստի փոխհատուցման հարցը: Մելիքեանի կարծիքով, ատիկա Ազրպէյճանի ներքին խնդիրն է:

Յօդուածին մէջ կը նշուի, որ հայ գաղթականներու վերաբնակեցումը այդպէս ալ չ՛իրականացուիր, հակառակ անոր որ առանձին դէպքերու մարդիկ ինքնուրոյն կը տեղափոխուին այդտեղ ապրելու: Մելիքեան կը նշէ, որ վերաբնակեցման աւելի քան 35 հազար դիմում ներկայացուած է Լեռնային Ղարաբաղի իշխանութիւններուն, սակայն անոնք անպատասխան մնացած են: Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանի համաձայն, ազատագրուած տարածքները այնքան վատ վիճակի մէջ են, որ լուրջ ներդրումներ կը պահանջուին զանոնք բնակելի դարձնելու համար: Բացի ատկէ, ան չի փափաքիր վտանգել բանակցային հոլովոյթը:

Պարբերականը զրուցած է նաեւ Ազրպէյճանէն գաղթած Սարօ Սարոյեանի հետ, որ ըսած է, թէ ազատագրուած տարածքներուն վրայ քանի մը հեկտար հողը չի կրնար փոխհատուցել Պաքուի մէջ գաղթականին կորսնցուցած բնակարանը, յատկապէս եթէ հաշուի առնուի, որ պատերազմէն ետք Պաքուի մէջ կենսամակարդակը աճած է:

 

 

Նախորդը

«ԵՍ ՊԱՐԶԱՊԷՍ ՏԵՂԵԿՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ՓՈԽԱՆՑԵՑԻ» Կ՛ԸՍԷ ԹԱՆԵՐ ԱՔՉԱՄ

Յաջորդը

ՀԱՄԱՆԱԽԱԳԱՀՆԵՐԸ ԱՅՍՕՐ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ Կ՛ՈՒՆԵՆԱՆ ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՐԳՍԵԱՆԻ ՀԵՏ

RelatedPosts

Պաքու Բարձր Կը Գնահատէ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծէն Անկախութեան  Հռչակագիրին Յղման Վերացումը
Գլխաւոր լուրեր

Պաքու Բարձր Կը Գնահատէ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծէն Անկախութեան Հռչակագիրին Յղման Վերացումը

November 25, 2026
Պաքուի Մէջ Պահուող Հայ Պատանդները` Ֆրանսայի Նիս Քաղաքի Պատուոյ Քաղաքացիներ
Գլխաւոր լուրեր

Պաքուի Մէջ Պահուող Հայ Պատանդները` Ֆրանսայի Նիս Քաղաքի Պատուոյ Քաղաքացիներ

November 25, 2026
Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • PDF արխիւ
  • Կապ մեզի հետ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։