Թրքական «Միլլիյէթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ թրքական ընկերութիւն մը համացանցի մէջ յայտարարութիւն տեղադրած է «700 տարուան հին հայկական գիւղերը վաճառելու» մասին, ինչ որ Թուրքիոյ մէջ հետաքրքրութեան մեծ ալիք բարձրացուցած է:
«Միլլիյէթ»-ի թղթակից Պուրճու Քարաքաշ իբրեւ գնորդ հեռաձայնած է ընկերութեան, ուրկէ իրեն պատասխանած են, թէ «տարածքին անցեալը շատ չեն փորփրած, սակայն անիկա յայտնի է իբրեւ հին հայկական բնակավայր»:
Վաճառուող հողատարածք-գիւղերէն մէկը 8,416 քառակուսի մեթր է, իսկ միւսը` 1,989 քառակուսի մեթր:
«Լիճ, ծով, հրաշալի բնապատկերներ ունեցող 700-ամեայ այս հին հայկական վայրին մէջ կրնաք հանգստանալ, վայելել գիւղական կեանքը: Այս հողատարածքին մէջ ընկոյզի, խնձորի, կեռասի, պնդուկի, թուզի եւ այլ պտղատու ծառեր կան», ըսուած է յայտարարութեան մէջ:
Հեռաձայնին պատասխանողը նշած է, որ հողատարածքներու հայկական ծագումին մասին գրած են յատկապէս արտերկրէն աւելի շատ գնորդի ուշադրութիւն հրաւիրելու համար:
«Այնտեղ երբեմն երբեմն հնագիտական պեղումներ տեղի կ՛ունենան: Եթէ միայն «այգի» ըսէինք, այդքան շատ հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ չէինք ստանար: Այժմ հեռախօսները գրեթէ միայն այդ յայտարարութեան համար կը հնչեն», ըսած են ընկերութենէն:
Այժմ Գեմլիք անուանուած այս շրջանը մինչեւ Համաշխարհային Ա. պատերազմը կոչուած է Քարսաք, ուր բնակած է աւելի քան 5000 հայ:


