
Ազրպէյճանական Haqqin.az կայքը կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Փասքալ Մոնիյէ յայտարարած է, որ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահներ Սերժ Սարգսեան եւ Իլհամ Ալիեւ համաձայնած են հանդիպիլ Փարիզի մէջ:
Ըստ անոր, հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ հոկտեմբերի երկրորդ կիսուն` Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտի միջնորդութեամբ:
Դեսպանը նշած է, որ պիտի քննարկուին Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման ուղիներն ու խաղաղ լուծման խնդիրները: Ֆրանսացի դիւանագէտը ընդգծած է, որ այս հանդիպումը կարեւոր նշանակութիւն պիտի ունենայ:
Մոնիյէ աւելցուցած է, որ Ֆրանսան` իբրեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի անդամ, կարելին կ՛ընէ այս տագնապին լուծման համար` նշելով, որ «շատոնց եկած է այս տագնապը լուծելու ժամանակը»:
Պատասխանելով աղբիւրին այն հարցումին, թէ արդեօք Հոլլանտի այս նախաձեռնութեան չի՞ սպառնար Ժաք Շիրաքի տապալուած նոյնանման նախաձեռնութեան ճակատագիրը, դեսպանը ըսած է, որ տագնապին լուծումը միայն նախագահներէն կախեալ է, իսկ Ֆրանսան ընդամէնը միջնորդ է:


