
Լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի երէկ Եարզէի մէջ ընդունեց հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու հրամանատար զօր. Լուչիանօ Փորթոլանոն, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ հարաւային Լիբանանի մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւնները եւ բանակին ու ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն միջեւ գործակցութեան վերաբերող հարցեր:
Զօր. Քահուաժիի այցելեց նաեւ խորհրդարանի նախկին փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլի: Քննարկուեցան լիբանանեան քաղաքական բեմը յուզող իրադարձութիւնները:


