
Շիիներու գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Ապտել Էմիր Քապալան երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տէյվիտ Հէյլը, որ հանդիպումէն ետք շեշտեց, թէ Միացեալ Նահանգներ պիտի շարունակեն զօրակցիլ Լիբանանին, որպէսզի ան կարենայ դիմակայել իր սահմաններուն դէմ ցցուող սպառնալիքները:
Հէյլ յայտնեց, որ Լիբանան կը դիմագրաւէ շարք մը մարտահրաւէրներ, որոնց հակառակ ան կը փաստէ իր կանգուն մնալու իրականութիւնը, ինչպէս նաեւ այդ մարտահրաւէրներուն դէմ դնելու միասնականութիւնը:
Հէյլ ընդգծեց, որ ոմանք կը փափաքին Լիբանանի մէջ բաժանումի հունտեր սերմանել, որովհետեւ միայն այդ ձեւով կրնան յաջողիլ իրենց ծրագիրներուն մէջ, սակայն լիբանանցիները իրենց ազգային միասնականութեամբ եւ իրենց բարեկամ երկիրներով, որոնց շարքին են Միացեալ Նահանգները, կը հաստատեն, որ անոնք յաջողելու ոչ մէկ առիթ պիտի ունենան:
«Մեր նպատակն է ամրապնդել քաղաքական ուժերուն միջեւ փոխըմբռնումը եւ ճանչնալ զիրար, պահպանել համերաշխութիւնն ու չափաւորականութիւնը, որպէսզի կարելի ըլլայ դէմ դնել ծայրայեղութեան, բռնարարքներուն եւ խաղաղ ապրիլ», ըսաւ ան:


