Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«2015-ին Աշխարհը Պիտի Միանայ Հայերուն» Կ՛ըսէ Մուրատ Փափազեան

September 13, 2014
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Fotor0912151058Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի պաշտօնական ձեռնարկները Ֆրանսայի մէջ  կը սկսին յառաջիկայ տարուան յունուարէն:

«Արմէնփրես»-ի հետ զրոյցի մը ընթացքին այս մասին յայտնեց Ֆրանսայի Հայ դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչ Մուրատ Փափազեան` շեշտելով, որ ձեռնարկները Եւրոպայի եւ ամբողջ աշխարհի մէջ առիթ կու տան պայքարի պատմութիւնը բաժնելու «մինչեւ 2015 թուականը եւ 2015-էն ետք»: «2015 թուականը շատ կարեւոր տարի պիտի ըլլայ ե՛ւ Ֆրանսայի, ե՛ւ աշխարհի միւս երկիրներուն մէջ: Ամէն տեղ յայտագիրները շատ բարձր մակարդակով պիտի կատարուին, Թուրքիոյ համար շատ վատ տարի պիտի ըլլայ, որովհետեւ բոլոր երկիրներուն մէջ հանրային կարծիքը, մամուլը, հեղինակաւոր անձնաւորութիւնները պիտի միանան մեզի, եւ ատիկա լուրջ մտահոգութիւն կը յառաջացնէ Թուրքիոյ համար: 2015 թուականի յունուարէն կը սկսին պաշտօնական ձեռնարկները, հանդիսութիւնները, հրատարակութիւնները, շարժապատկերներու ցուցադրութիւնները, լրատու միջոցներուն մէջ յօդուածներու, հաղորդումներու  սփռումը, քաղաքապետարաններու մէջ ցուցահանդէսները: 24 ապրիլին Ֆրանսայի նախագահը պիտի գայ այստեղ (Երեւան. «Ա.») առաջին նախագահն է, որ յայտարարեց այդ մասին, պէտք է որ Եւրոպայի կամ աշխարհի տարբեր երկիրներու նախագահներ միանան: Շատ լուրջ հետեւանք պէտք է ունենայ», նշեց Մուրատ Փափազեան:

Ըստ անոր, ոգեկոչման ձեռնարկներու առանցքին մէջ  պիտի ըլլայ Թուրքիոյ վրայ ճնշում բանեցնելու ռազմավարութիւնը: «Պատգամը, որ պիտի հնչէ 2015-ին, այն է, որ ճար չկայ, դուք ոչ միայն պէտք է ճանչնաք, այլ նաեւ հետեւանքները պէտք է հաշուի առնէք: Այնքան ուժեղ ձեւով պէտք է աշխատինք, որ Թուրքիա այն տպաւորութիւնը ունենայ, որ այլ ելք չունի», ընդգծեց ան:

Մուրատ Փափազեանի համոզումով, Ֆրանսայի հանրութիւնը Հայոց ցեղասպանութեան մասին ամէնէն  տեղեակն է, շնորհիւ ֆրանսահայ համայնքի երկար տարիներու լուրջ աշխատանքին: «Շատ ջանք թափեցինք, որպէսզի ամէնէն բարձր` նախագահի մակարդակով լսելի դարձնենք մեր դատը: Ֆրանսուա Հոլլանտ առաջին նախագահն է, որ մասնակցած է ցեղասպանութեան ոգեկոչման արարողութեան` կազմակերպուած ֆրանսահայ գաղութին կողմէ », նշեց Մուրատ Փափազեան` աւելցնելով, որ արդէն երկու տարի է Ֆրանսայի երկրորդական դպրոցներու աշակերտները իրենց դասագիրքերուն մէջ Հայոց ցեղասպանութեան մասին նիւթ ունին: Հայ դատի յանձնախումբը մասնակցած է այդ բովանդակութեան պատրաստութեան, մասնագէտները տարիներ շարունակ աշխատած են Ֆրանսայի կրթութեան նախարարութեան հետ», յայտնեց Ֆրանսայի Հայ դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչը:

Նախորդը

Աւստրիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարը Պաքուի Մէջ Եւս Խօսած Է Ղարաբաղեան Խնդիրի Լուծման Անհրաժեշտութեան Մասին

Յաջորդը

Վարդանեան. «Ծառուկեան Իր Հարցազրոյցին Մէջ Բոլորովին Նոր Բան Ըսաւ»

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.