
«Արմէնփրես»` յղում կատարելով ազրպէյճանական «Թրենտ» լրատու գործակալութեան, կը հաղորդէ, որ Աւստրիոյ արտաքին գործոց նախարար Սեպասթիան Քուրց այցելած է Ազրպէյճան, ուր հանդիպում ունեցած է նախագահ Իլհամ Ալիեւի եւ արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարովի հետ:
Մամետեարովի հետ հանդիպումէն ետք տրուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին Քուրց այլ հարցերու կողքին անդրադարձած է ղարաբաղեան տագնապի լուծման խնդիրին: Ան նշած է, որ Աւստրիան կողմ է ղարաբաղեան հիմնախնդիրի շուտափոյթ լուծման, որ անհրաժեշտ է շրջանի կայուն զարգացման համար:
Մամետեարով իր կարգին խօսած է աւստրիացի լրագրող Եութթէ Պաուըրին Ազրպէյճան մուտքի արտօնագիր չտրամադրելու միջադէպին մասին` յայտարարելով, որ իրենք այդպիսի պատժամիջոցներ կը կիրարկեն բոլոր անոնց դէմ, որոնք առանց Պաքուի արտօնութեան կ՛այցելեն Լեռնային Ղարաբաղ:
Յիշեցնենք, որ աւստրիացի նախարարը 8-9 սեպտեմբերին այցելած էր Հայաստան:


