Լիբանանեան բանակի գաղտնի սպասարկութիւնը նախանցեալ երեկոյեան Մերժահիունի մէջ ձերբակալեց Ժապհաթ Նուսրայի հետեւորդներ, որոնց պարտականութիւնն է հետեւիլ բանակին, ապահովութեան ուժերուն եւ կուսակցութիւններուն ու անոնց պարտականութիւններուն:
Միւս կողմէ, «Մարքազիէ» լրատու գործակալութեան համաձայն, Ժեզզինի Պքասին շրջանին մէջ ձերբակալուած են 12 սուրիացիներ, որոնք իրենց մօտ ունէին բջիջային հեռաձայններ, համակարգիչներ, ինչպէս նաեւ այլ սարքեր:
Բանակի գաղտնի սպասարկութեան կողմէ ձերբակալուած այդ սուրիացիները Ժապհաթ Նուսրայի եւ ՏԱՀԵՇ-ի հետեւորդներ են, որոնք ներկայիս կ՛ենթարկուին հարցաքննութեան:
Նշենք, որ շէյխ Մուսթաֆա Հուժէյրի յայտարարեց, որ ինք միջամուխ պիտի չըլլայ առեւանգուած զինուորներու ազատ արձակման հոլովոյթին:


