
Լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի երէկ Եարզէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տէյվիտ Հէյլը, որուն ընկերակցեցաւ ամերիկեան պաշտպանութեան նախարարութեան մէկ պատուիրակութիւնը:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկրին իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան բանակին տրամադրուող ամերիկեան օժանդակութիւնները շարունակելու կարեւորութիւնը:
Միւս կողմէ, բանակի սպայակոյտի պետ հազարապետ-զօրավար Ուալիտ Սալման երէկ այցելեց Արսալի մէջ դիրքաւորուած լիբանանեան բանակի դիրքերն ու կեդրոնները` ստուգելով անոնց վիճակը եւ որդեգրուած ապահովական միջոցառումները` պաշտպանելու համար շրջանը:
Հազարապետ-զօրավար Ուալիտ Սալման հանդիպում մը ունեցաւ սպաներու եւ զինուորականներու հետ`
բարձր գնահատելով անոնց ջանքերն ու զոհողութիւնները, ինչպէս նաեւ անոնց փոխանցեց զօր. Քահուաժիի ցուցմունքները:


