
Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ալի Աուատ Ասիրի երէկ այցելեց հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիանի, որուն հետ քննարկեց երկրին իրադարձութիւնները:
Հանդիպումին ընթացքին Ասիրի նշեց, որ շրջանը յուզող հարցերը իրենց ազդեցութիւնը կ՛ունենան Լիբանանի վրայ` աւելցնելով, որ լիբանանցի պատասխանատուները պէտք է խոհեմ ըլլան եւ ամրապնդեն լիբանանեան ազգային միասնականութիւնը` հեռու մնալով ամէն տեսակի փորձերէ, որոնց նպատակն է գրգռութիւններ հրահրել:
Ասիրի հաստատեց նաեւ Լիբանանի ապահովական կայունութեան պահպանումը եւ հանրապետութեան նախագահի ընտրութիւնը:
Իր կարգին, միւֆթի Տըրիան շեշտեց Սէուտական Արաբիոյ Ապտալլա պըն Ապտել Ազիզ թագաւորին տուած կարեւոր որոշումները, որոնք կը ծառայեն Լիբանանի եւ լիբանանցիներու, ինչպէս նաեւ ամբողջ արաբական աշխարհի շահերուն:


