ՇԻԻՆԵՐՈՒ գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Ապտել Էմիր Քապալան պահանջեց զօրակցիլ լիբանանեան բանակին եւ զինել զայն, ինչպէս նաեւ աւելցնել զինուորներուն թիւը:
Ան կոչ ուղղեց մշակելու ընտրական արդիական օրէնք մը, որուն հիման վրայ Լիբանանը մէկ ընտրաշրջանի կը վերածուի:
ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ խորհուրդներու նախագահ, նախկին նախարար Ատնան Քասսար կոչ ուղղեց ընտրելու հանրապետութեան նախագահ մը, ինչպէս նաեւ զիջումներ կատարելու` պաշտպանելու համար Լիբանանը:
ՄԱԿ-ի մէջ Լիբանանի մնայուն ներկայացուցիչ Նաուաֆ Սալամ յայտնեց, որ Լիբանանի օժանդակող երկիրներու յատուկ նիստ մը պիտի գումարուի 27 սեպտեմբերին` հաստատելու համար Լիբանանի զօրակցութեան միջազգային յանձնառութիւնը, ինչպէս նաեւ շեշտելու համար երկրին ապահովական կայունութիւնը պահպանելու անհրաժեշտութիւնը:
ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Ֆրանսայի դեսպան Փաթրիս Փաուլի յայտնեց, որ իրենք չեն կրնար միջամուխ դառնալ Լիբանանի նախագահական ընտրութեան` աւելցնելով, որ այդ իմաստով Ֆրանսա յատուկ թեկնածու մը չունի:
ԶԲՕՍԱՇՐՋՈՒԹԵԱՆ նախարար Միշել Ֆարաոն յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ ապահովական կայունութիւն կը տիրէ կառավարութեան մէջ գոյութիւն ունեցող ապահովական համաձայնութեան շնորհիւ:
ԱԶԳԱՅԻՆ ազատականներու կուսակցութիւնը դատապարտեց երկրին մէջ կատարուած փոխադարձ առեւանգումները` հաստատելով, որ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի եւ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի միջեւ գոյացած համաձայնութիւնը կը միտի խանգարել նախագահական ընտրութիւնը:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Մոհամետ Հաժժար կոչ ուղղեց բոլորին հեռանալու անձնական ապահովութեան վտանգէն` աւելցնելով, որ անոր հետեւանքները համազօր պիտի ըլլան ՏԱՀԵՇ-ի վտանգին ունենալիք հետեւանքներուն:
«ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ» օրաթերթին համաձայն, ահաբեկչութեան դէմ պայքարելու յատուկ լիբանանեան-ամերիկեան զինուորական հանդիպումներ չկան:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ երեսփոխան Ուալիտ Խուրի շեշտեց, որ ներկայ հանգրուանը Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի հանգրուանն է:
ՄԱՐՈՆԻ համայնքի պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Սամիր Մազլում եպիսկոպոս հաստատեց, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայի հետ Արեւելքի պատրիարքներուն պատուիրակութեան հանդիպումը եղած է դրական: Ան նշեց, որ հանդիպումին ընթացքին Օպամա մտահոգութիւն փարատող յայտարարութիւններ կատարած է:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Խալետ Զահրաման շեշտեց, որ սուրիական վարչակարգին գործած ահաբեկչութեան պատճառով է, որ ծնունդ առած է ՏԱՀԵՇ-ի ահաբեկչութիւնը:
ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Էլի Մարունի ընդգծեց, որ Ժետտայի խորհրդաժողովը երկար ատենէ ի վեր պէտք է գումարուէր` նկատի ունենալով ՏԱՀԵՇ-ի գործած աւերները:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Քասեմ Հաշեմ հարց տուաւ, թէ ո՞վ կրնայ երաշխաւորել, որ Ժետտայի խորհրդաժողովը Սուրիոյ դէմ ամերիկեան պատերազմին շարունակութիւնը չէ: Ան նշեց, որ ահաբեկչութեան դէմ պատերազմելու իմաստով ամերիկեան մօտեցումը լուրջ չէ, այնքան ատեն որ այդ խորհրդաժողովին մասնակցելու առումով Սուրիոյ, Իրանի եւ Ռուսիոյ հրաւէր չէ յղուած:
ՄԱԿ-ի գաղթականութեան հարցերու յանձնախումբի պատասխանատուներ յայտնեցին, որ իրենք կը նախընտրեն, որ Լիբանան-Սուրիա սահմանամերձ շրջաններուն մէջ գաղթակայաններ չկառուցուին:
ՏՆՏԵՍՈՒԹԵԱՆ եւ առեւտուրի նախարար Ալեն Հաքիմ յայտնեց, որ կառավարութեան մէջ ներկայացուած քաղաքական ուժերը կը հաւատան լիբանանեան բանակին զօրութեան եւ հայրենասիրութեան: Ան աւելցուց, որ քաղաքական այս ուժերը բանակին կարողութիւնները եւ ազգային ուղղուածութիւնը կասկածի տակ չեն առներ:
ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ «Ուաթան» օրաթերթին համաձայն, Հըզպալլա կը ջանայ ձախողեցնել առեւանգուած զինուորականները ազատ արձակելու ջանքերը:
ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ վերլուծող Ժոզեֆ Ապու Ֆատել խստիւ քննադատեց Մուսթաքպալ հոսանքի երեսփոխան Խալետ Տահերի կողմէ լիբանանեան բանակին դէմ արտայայտուած կեցուածքները` շեշտելով, որ Տահեր ինք ՏԱՀԵՇ-ական է եւ լիբանանցի չի կրնար ըլլալ:


