Ըստ «Աուր քոմըն տրիմ»-ի, համացանցին մէջ ստորագրահաւաք սկսած է, «հայերու եւ թուրքերու միջեւ խաղաղութեան դարաշրջան» սկսելու համար: Ստորագրահաւաքին նպատակն է երկու կողմերուն միջեւ յարաբերութիւնները բնականոնացնել` յարգելով իւրաքանչիւր կողմի պատմութիւնը: «Մեր միացեալ երազը» վերնագիրով ստորագրահաւաքի բովանդակութեան մէջ գրուած է. «Թրքական հանրապետութեան քաղաքական մշակոյթը երկար ժամանակ ձգտած է պաշտպանել յանցագործութիւնը` ծածկելով անցեալը եւ խոչընդոտելով իրաւական կայուն պետութեան կառուցումը: Սակայն ոչ ոք կրնայ ջնջել այն սարսափելի իրադարձութիւններն ու անոնց հետեւանքները, որոնք տեղի ունեցած են 1915 թուականին»: Ստորագրահաւաքին միացած են հայ եւ թուրք բազմաթիւ քաղաքացիներ, քաղաքական գործիչներ, հանրածանօթ անձնաւորութիւններ, որոնց շարքին են Հայոց ցեղասպանութեան կազմակերպիչներէն Ճեմալ փաշայի թոռը` Հասան Ճեմալ, «Ակօս» թերթի սպաննուած խմբագիր Հրանդ Տինքի եղբայրը` Խոսրով, Տինքի կինը` Ռաքել, ինչպէս նաեւ փաստաբան Ֆեթհիէ Չեթին: Ներկայ դրութեամբ ստորագրահաւաքին մասնակցած է աւելի քան 296 մարդ:


