
Life.panorama.am կը հաղորդէ, որ Պոլսոյ մէջ կազմակերպուած Համացանց համախմբումի մասնակիցներու հետ համացանցի ճամբով հարցուպատասխանի ժամանակ «Ուիքիլիքս»-ի հիմնադիր Ճուլիըն Ասանժ յայտարարած է, որ գրաքննութեան միջոցով Թուրքիոյ մէջ կը փորձեն կանխարգիլել Հայոց ցեղասպանութեան նիւթին արծարծումը:
«Թուրքիոյ մէջ գրաքննութիւնը զարգացած է, որովհետեւ շատերը ուրախ էին տեսնելու զայն քիւրտերու եւ Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ նիւթերու հետ կապուած: Հիմա ատիկա տարածուած է ամէն ինչի վրայ», ըսած է ան:
Տեղեկատուական անվտանգութեան փորձագէտ Սամուէլ Մարտիրոսեան, որ ներկայ գտնուած է համախմբումին, Life.panorama.am-ի հետ զրոյցի ընթացքին յայտնած է, որ սկիզբը նախատեսուած եղած է կապ հաստատել Էտուըրտ Սնոուտընի հետ, սակայն թեքնիք խնդիրներու պատճառներով Սնոուտընին փոխարինած է Ասանժ:
«Ասանժ, ընդհանուր առմամբ, քննադատեց արդի համացանցի կառավարման մեթոտները: Ատկէ ետք թիրախ դարձուց Թուրքիան եւ իբրեւ թրքական համացանցային գրաքննութեան հիմք` նշեց քիւրտերու նիւթը եւ Հայոց ցեղասպանութեան խնդիրը, որմէ կը փորձեն խուսափիլ: Ան հանդիպումին ընթացքին անգամ մը եւս նշեց, որ Հայոց ցեղասպանութեան խնդիրէն ելլելով` Թուրքիա կը փորձէ փակ պահել օսմանեան արխիւները», ըսած է փորձագէտը:


