Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԻՇԽԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ՊԻՏԻ ՉՀԱՄԱՁԱՅՆԻՆ ՈՐԵՒԷ ՍԿԶԲՈՒՆՔԻ, ՈՒՐ ԼԵՌՆԱՅԻՆ ՂԱՐԱԲԱՂԻ ՎԻՃԱԿԸ ՅՍՏԱԿ ՉԷ ՁԵՒԱԿԵՐՊՈՒԱԾ» Կ՛ԸՍԷ ԿԻՐՕ ՄԱՆՈՅԵԱՆ

July 16, 2011
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Կիրօ Մանոյեան

«Ես չեմ կարծեր, որ Հայաստանի իշխանութիւնները համաձայնին որեւէ սկզբունքի, ուր Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան վիճակը յստակ չէ ձեւակերպուած», երէկ լրագրողներուն հետ հանդիպման ընթացքին յայտարարեց ՀՅԴ Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան:

Մանոյեան շեշտեց, որ ՀՅ Դաշնակցութիւնը դէմ է Ղարաբաղի հարցով Հայաստանի իշխանութիւններուն վարած քաղաքականութեան: Իսկ ինչ կը վերաբերի Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան իշխանութիւններուն, ապա, ըստ անոր, պարզ է, որ խնդիրի լուծման պէտք է մասնակցին Ղարաբաղի իշխանութիւնները:

«Հակառակ անոր որ Քազանի մէջ կողմերը չհամաձայնեցան որեւէ թուղթ ստորագրել, սակայն ակնյայտ են Ռուսիոյ նախագահին ջանքերը որեւէ բան ընելու: Այս իրավիճակը ցոյց կու տայ, որ իրավիճակը այնպէս չէ, ինչպէս կը ներկայացնեն մեր իշխանութիւնները: Մեծ հարցականը կը մնայ նախագահ Մետվետեւի ուղերձը, որ կողմերէն ոչ մէկը բաւարարած է», յայտարարեց Կիրօ Մանոյեան:

Կիրօ Մանոյեան անդրադարձաւ նաեւ ՀՅԴ ղեկավար կազմին մէջ Լեռնային Ղարաբաղի արտաքին գործոց նախկին նախարար Գէորգի Պետրոսեանի ընտրուելուն: «Ինչ կը վերաբերի Գէորգի Պետրոսեանին, ատիկա կուսակցական նեղ խնդիր է: Ան կարեւոր ներդրում կրնայ ունենալ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան հարցով, մանաւանդ որ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահը կ’ընդունի զայն: Մենք պէտք է անմիջական կապ ունենանք Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահին հետ` հարցի լուծման համար», ընդգծեց ան:

«Գէորգի Պետրոսեանի ընտրութիւնը աւելի շատ ներկուսակցական նկատառումներով էր, քան` արտաքին»,  ըսաւ ան:

Մանոյեան շեշտեց, որ Գէորգի Պետրոսեան Արցախի արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնին վրայ կը վարէր ո՛չ թէ ՀՅԴ–ի, այլ` Բակօ Սահակեանի քաղաքականութիւնը: «ՀՅԴ-ն ներքին հարցերուն առնչութեամբ Ազգային ժողովին մէջ հանդէս կու գայ իբրեւ ընդդիմադիր կուսակցութիւն, բայց ոչ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան հարցով: Անկախ այն իրողութենէն, թէ ո՛վ է նախագահը, պէտք է մղել զայն ճիշդ քաղաքականութիւն վարելու», նշեց Մանոյեան:

 

Նախորդը

ՆԱԼԲԱՆԴԵԱՆ ՏԱՊԼԻՆԻ ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄՆԵՐ ՈՒՆԵՑԱՒ ՕՐԷՆՍԴԻՐ ԵՒ ԳՈՐԾԱԴԻՐ ՄԱՐՄԻՆՆԵՐՈՒ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐՈՒ ՀԵՏ

Յաջորդը

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԿԱՐՃ ԼՈՒՐԵՐ

RelatedPosts

Պաքու Բարձր Կը Գնահատէ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծէն Անկախութեան  Հռչակագիրին Յղման Վերացումը
Գլխաւոր լուրեր

Պաքու Բարձր Կը Գնահատէ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծէն Անկախութեան Հռչակագիրին Յղման Վերացումը

November 25, 2026
Պաքուի Մէջ Պահուող Հայ Պատանդները` Ֆրանսայի Նիս Քաղաքի Պատուոյ Քաղաքացիներ
Գլխաւոր լուրեր

Պաքուի Մէջ Պահուող Հայ Պատանդները` Ֆրանսայի Նիս Քաղաքի Պատուոյ Քաղաքացիներ

November 25, 2026
Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։