
ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մուն կոչ ուղղեց լիբանանցիներուն հաւաքական շահերը գերադասելու անձնական նեղլիկ շահերէն:
Քի Մուն ընդգծեց, որ Լիբանանի բնակչութիւնն ու կառավարութիւնը պէտք է ամրապնդեն երկրին միասնականութիւնը` դիմադրել կարենալու համար երկրին դիմագրաւած այս լուրջ հարցերուն:
Ան մտահոգութիւն յայտնեց ՏԱՀԵՇ-ի Լիբանան մուտք գործելուն առնչութեամբ:


