
Լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի երէկ Եարզէի մէջ ընդունեց փոխվարչապետ, պաշտպանութեան նախարար Սամիր Մուքպելը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան ապահովական իրադարձութիւններն ու բանակին կարիքները:
Ապա ներկայութեամբ Մուքպելի, զօր. Քահուաժի ընդունեց լիբանանցի նահատակ բանակային Ալի Սէյիտի ընտանիքը, որուն կ՛ընկերակցէր երեսփոխան Խալետ Զահրաման:
Եարզէի այցելուներէն եղաւ նաեւ Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Փաթրիս Փաուլի: Քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ երկու երկիրներու բանակներուն միջեւ գործակցութիւնը ամրապնդելու հեռանկարները:


