Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՄԷՋ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ «ԿԵՂԾԱԾ» 604 ՀԱՅԵՐՈՒ ՀԱՄԱՐ 3000 ՏԱՐՈՒԱՆ ԲԱՆՏԱՐԿՈՒԹԻՒՆ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋՈՒԻ

July 16, 2011
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Պոլսոյ Ս. Երրորդութիւն եկեղեցին

Թրքական «Սապահ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ ամիսներ առաջ Պոլսոյ հայկական Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ հիմնադրամի ղեկավար կազմի ընտրութիւններուն մասնակցած 604 անձերու դէմ դատական գործ սկսած է` «պաշտօնական փաստաթուղթեր կեղծելու» մեղադրանքով:

Ըստ օրաթերթին, ընտրութիւններուն լուրջ վիճաբանութիւն տեղի ունեցած է հիմնադրամը ղեկավարող 86-ամեայ Ափիկ Հայրապետեանի եւ անոր մրցակիցի կողմնակիցներուն միջեւ. վիճաբանութեան իբրեւ արդիւնք այդ  ընտրութիւնները մէկ ամիսով յետաձգուած էին: Իսկ փետրուարին տեղի ունեցած ընտրութիւններուն հերթական յաղթանակ արձանագրած էր 26 տարի շարունակ նշեալ հիմնադրամը ղեկավարող Ափիկ Հայրապետեան:

Սակայն ընտրական խորհուրդի նախագահ Արա Ըշըթման ընտրական հոլովոյթին ժամանակ արձանագրած էր խախտումներ եւ ամիսներ ետք դիմած է դատախազութեան: Ան կը պնդէր, որ ընտրութիւններուն, որոնց, ըստ ընտրական կարգի, պէտք է մասնակցէին միայն Պոլսոյ Պէյօղլու շրջանի հայերը, մասնակցած են այլ շրջաններէ եւ թաղամասերէ 604 անձեր:

Ընտրական խորհուրդի նախագահին համաձայն, ընտրութիւններուն ժամանակ այդ 604 անձերը յատուկ նպատակով բերուած էին Պոլսոյ Սամաթիա, Եշիլքէօյ եւ Պաքըրքէօյ շրջաններէն: Իսկ վերջիններս ընտրութիւններուն մասնակցելու համար ներկայացած էին իբրեւ Պէյօղլուի բնակիչներ:

Թրքական դատախազութեան կողմէ կատարուած հետաքննութեան իբրեւ արդիւնք, Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ հիմնադրամի ընտրական խորհուրդի նախագահ Արա Ըշըթմանի պնդումները հաստատուած են: Այժմ դատական գործ սկսած է պոլսահայ համայնքէն 604 անձերու դէմ:

«Սապահ» կը գրէ, որ անոնցմէ իւրաքանչիւրին համար «պաշտօնական փաստաթուղթեր կեղծելու» մեղադրանքով կը պահանջուի 2-էն 5 տարուան, իսկ հաւաքաբար 3020 տարուան բանտարկութիւն:

Նախորդը

ՄԱՐԻ ՀԵԼԵՆ ԻՍՔԵՆՏԵՐԵԱՆ` ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԿՆՈՋԱԿԱՆ ԴՐԱՄԱՏԱՆ ՆԱԽԱԳԱՀ

Յաջորդը

ԸՍՏ «ՌԻԱ ՆՈՎՈՍԹԻ»Ի ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԵՒ ԱԶՐՊԷՅՃԱՆԻ ՄԻՋԵՒ ՀԱՍՏԱՏՈՒԱԾ ՍԹԱԹԻՒՍ ՔՈՆ ԱՆԿԱՅՈՒՆ Է

RelatedPosts

Պաքու Բարձր Կը Գնահատէ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծէն Անկախութեան  Հռչակագիրին Յղման Վերացումը
Գլխաւոր լուրեր

Պաքու Բարձր Կը Գնահատէ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծէն Անկախութեան Հռչակագիրին Յղման Վերացումը

November 25, 2026
Պաքուի Մէջ Պահուող Հայ Պատանդները` Ֆրանսայի Նիս Քաղաքի Պատուոյ Քաղաքացիներ
Գլխաւոր լուրեր

Պաքուի Մէջ Պահուող Հայ Պատանդները` Ֆրանսայի Նիս Քաղաքի Պատուոյ Քաղաքացիներ

November 25, 2026
Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։