Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ շէյխ Նայիմ Քասեմ երէկ յայտնեց, որ ՏԱՀԵՇ եւ Ժապհաթ Նուսրա Լիբանանի դէմ հսկայ վտանգներ են, սակայն այդ վտանգը չի նշանակեր, որ հաւատադրժողական կողմերը կրնան իրականացնել իրենց նպատակները, եթէ անոնց դէմ դնելը ճիշդ եւ ազդու ըլլայ:
Քասեմ շեշտեց, որ Արսալի հարցին քաջ լուծում մը պէտք է գտնել եւ զինուորները ազատ արձակել. ան մերժեց առեւանգումներու դրութիւնը եւ կոչ ուղղեց Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն վերջ տալու հաւատադրժողականները արդարացնելու իրենց ընթացքին:
«Ճիշդ ընտրանքը պիտի ըլլայ այն, որ երկխօսութիւն կատարուի եւ առարկայական համաձայնութիւն գոյանայ հարցերուն շուրջ, որովհետեւ վարկաբեկիչ արտայայտութիւնները եւ տեղեկատուական մարզին մէջ սրսկուած թոյները իրականութենէն ոչինչ կրնան փոխել եւ ձեզի ոչ մէկ տեղ կրնան հասցնել: Պէտք է հասկնալ, որ ոչ ոք կրնայ միւսը ջնջել եւ առանձինը իշխել երկրին», ըսաւ ան:
Անդրադառնալով Միացեալ Նահանգներու կողմէ հաւատադրժողական ահաբեկչութեան դէմ յայտարարուած արշաւին` շէյխ Նայիմ Քասեմ հաստատեց, որ անիկա լուրջ շարժում մը կամ արշաւ մը չէ:


