ԱՄԱԼ շարժումի եւ Հըզպալլայի ղեկավարութիւնները Պեքաայի եւ Պէյրութի զգայուն շրջաններուն մէջ կազմ ու պատրաստ վիճակ յայտարարած են` հակակշիռի տակ առնելու համար կացութիւնը: Նշենք, որ նոյն կուսակցութիւններուն քաղաքական ղեկավարութիւնները ամէն ջանք ի գործ դրած են ինքնազսպումի ենթարկելու իրենց միջավայրը:
«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, լիբանանեան ապահովական-զինուորական պատուիրակութիւն մը անցեալ ուրբաթ օրէն կը գտնուի Ուաշինկթընի մէջ, ուր հանդիպումներ կ՛ունենայ ամերիկեան վարչակարգին եւ ամերիկեան գաղտնի սպասարկութեան կառոյցներուն հետ` համադրելու համար երկու երկիրներուն միջեւ գործակցութիւնը եւ ահաբեկչութեան դէմ պայքարելու հեռանկարները:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ասեմ Արաժի զգուշացուց Պեքաայի մէջ ապահովական կացութեան բռնկումէն: Ան կոչ ուղղեց զօրակցելու լիբանանեան բանակին` աւելցնելով, որ ՏԱՀԵՇ-ի զօրակցող միջավայր մը գոյութիւն չունի Լիբանանի մէջ: Արաժի ընդգծեց նաեւ, որ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի Պէյրութէն դարձեալ ապահովական պատճառներով մեկնեցաւ:
«ԼԻՈՒԱ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով երեսփոխանական աղբիւրներէ, կը գրէ, թէ անոնք զգուշացուցած են առեւանգուած զինուորները ազատ արձակելու համար ուժի դիմելէ` նկատի ունենալով, որ այդ պարագային առեւանգուած զինուորներուն ազատ արձակումը կարելի պիտի չըլլայ:
«ՀԱՅԱԹ» օրաթերթին համաձայն, լիբանանեան կողմը զինեալներէն ստացած է երկու տարբեր պահանջներ, որոնցմէ առաջինը կը պարունակէ տասը բանտարկեալներու անուններ, որոնք պաղեստինցիներ, սէուտցիներ եւ ռուսեր են, իսկ երկրորդը կը պարունակէ 25 լիբանանցի բանտարկեալներու անուններ, ինչպէս նաեւ Քալամունի մէջ սպաննուած զինեալներու դիակներ:
«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, յառաջիկայ 48 ժամուան ընթացքին պիտի արձանագրուին հաղորդակցութիւններ եւ խորհրդակցութիւններ, որպէսզի կարելի ըլլայ լիբանանեան բանակին տրամադրուած 3 միլիառ տոլարի գումարը օգտագործել անոր զինումին համար:
ԸՍՏ անպաշտօն աղբիւրներու, Արսալի մէջ արձանագրուած ապահովական զարգացումները կը միտին Լիբանանի մէջ սադրանքներ նախապատրաստել, ինչպէս նաեւ համայնքային եւ յարանուանական գրգռութիւններ հրահրել:
ՊԵՏԱԿԱՆ նախարար Նեպիլ տը Ֆրէյժ յայտնեց, որ սուրիական վարչակարգին հետ յարաբերութեան վերաշխուժացումը ոչ մէկ ազդեցութիւն պիտի ունենայ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարելու իմաստով:
ՀԱՆՐՕԳՈՒՏ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարար Ղազի Զաայթեր շեշտեց, որ լիբանանեան կեցուածքը պէտք է միասնական ըլլայ` հաւատադրժողականներուն գործած ոճրային արարքներուն առումով:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ռիատ Ռահհալ շեշտեց, որ սուրիական կառավարութեան հետ բանակցիլը լիբանանեան բանակին համար թակարդ մը կը նկատուի եւ կ՛երաշխաւորէ երկրին նախագահական աթոռին թափուր մնալը:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Քասեմ Հաշեմ շեշտեց, որ պահանջուածը այն է, որ լիբանանեան ընկերութեան բոլոր շերտերը արագ կերպով յանգին պատուոյ ուխտի մը` պահպանելու համար երկրին կայունութիւնն ու քաղաքացիական անվտանգութիւնը:
ՊԱԱՍ կուսակցութեան ընդհանուր քարտուղար Ֆայեզ Շքըր շեշտեց, որ լիբանանեան պետութիւնը առանձինն չի կրնար դիմադրել ահաբեկչական խմբաւորումներուն:
ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ «Ուաթան» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով սուրիական ընդդիմութենէն, կը գրէ, թէ Սուրիոյ պատերազմին մասնակցելու իր որոշումին պատճառով Հըզպալլա առիթ տուած է ՏԱՀԵՇ-ին ընդարձակուելու Լիբանանի մէջ:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի աղբիւրներ «Ախպար» օրաթերթին յայտնած են, որ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն ներկայացուցած նախագահական ընտրութեան նախաձեռնութեան նկատմամբ Հըզպալլայի տեսակէտները դրական չեն:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ամին Ուեհպէ յայտնեց, որ ՏԱՀԵՇ-ական ահաբեկչութեան դէմ պայքարելու համար նախ պէտք է դուրս գալ սուրիական պատերազմի տիղմէն:
ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ նախարար Աշրաֆ Ռիֆի յայտնեց, որ սադրանքներուն կարելի է դէմ դնել հետեւելով նահատակ զինուորներուն ծնողներուն որդեգրած կեցուածքներուն:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ալեն Աուն շեշտեց, որ կառավարութենէն եւ քաղաքական ուժերէն կը պահանջուի միացեալ ջանքեր եւ ճիգեր ի գործ դնել` հակակշիռի տակ պահելու համար երկրին ապահովական կայունութիւնը:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Եասին Ժապեր կոչ ուղղեց երկրին որոշումները միաձայնութեամբ տալու, որովհետեւ գրգռութիւններուն վտանգը կրնայ մեծ ըլլալ:
ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ հարցերու նախարար Ռաշիտ Տըրպաս յայտնեց, որ ոմանք կը փորձեն Արսալի մէջ արձանագրուած իրարանցումին պատասխանատու նկատել լիբանանեան կառավարութիւնը:
«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Սէուտական Արաբիա չի փափաքիր Արսալ-Քալամուն ճակատը «փակել» եւ զինեալներուն պարտութիւնը ապահովել:
ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Մըսպահ Ահտապ կոչ ուղղեց յանդուգն որոշումներ տալու` պահպանելու համար լիբանանցի զինուորներուն կեանքը եւ ապահովելու համար անոնց առողջ վերադարձը:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի ընդհանուր քարտուղար, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան յայտնեց, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն նախագահական ընտրութեան բնական թեկնածու է` աւելցնելով, որ ան մերժած է իր թեկնածութիւնը առաջադրել, որպէսզի այս կամ այն կողմին պատնէշին չվերածուի:
ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ օդուժը երէկ հարաւային Լիբանանի վերեւ թռիչքներ գործեց` խզելով Լիբանանի օդային սահմանները եւ ոտնձգութիւններ գործելով Լիբանանի դէմ: Իսրայէլեան օդանաւեր կեղծ յարձակումներ գործեցին Նապաթիէի, Մերժահիունի եւ Պընթ Ժպէյլի վերեւ:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Խալիլ Հըրաուի կոչ ուղղեց Պեքաայի բնակչութեան` պահպանելու իրենց ազգային միասնականութիւնն ու համերաշխութիւնը:


