ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Լուսնի նոր ամիսը նպաստաւոր պիտի ըլլայ ձեր գործունէութեան համար, շարունակեցէ՛ք իրագործել ձեր նախաձեռնութիւնը: Իտէալական օր մը` ձեր գործունէութիւնը յաջող ընթացքի մէջ դնելու:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Յառաջիկայ օրերուն լաւ լուրեր պիտի ստանաք ձեր աշխատանքին վերաբերեալ: Ամիսը յաջող պիտի ընթանայ մասնաւորաբար ձեր տնտեսական գործունէութեան համար:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Ամէն պարագայի տակ պիտի իրագործէք պարտադրուած աշխատանք մը, որ ձեր շուրջիններուն հաճելի պիտի չթուի: Շարունակեցէ՛ք կեանքը այնպէս, ինչպէս որ է:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Պիտի ունենաք դրական ժամադրութիւններ, հանդիպումներ: Գեղեցիկ պահեր պիտի ապրիք ձեր հարազատներուն եւ բարեկամներուն հետ:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Օրը դրական է, օգտուեցէք կարգադրելու համար առօրեայ հարցերը, մանաւանդ եթէ ունիք ժամադրութիւններ` բժիշկի, դեղարանի եւ ձեր առողջութեան վերաբերեալ:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Համբերութիւնը ձեր ուժը պիտի չըլլայ, եւ նուազագոյն հակասութիւն պիտի նեղէ ձեզ. այսուհանդերձ, ձեր կողակիցին կամ ընկերոջ հետ լաւ պահեր պիտի ունենաք:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Եթէ կարիքը ունիք շատ կարեւոր գնումի մը, պահն է աւելի լաւ սերտելու ձեր տնտեսութիւնը. ստիպողական պարագային խորհրդակցեցէ՛ք դրամատան հետ:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Նոր լուսինը ձեզի վերապահած է հիանալի օր մը, նոյն ատեն` գործնական եւ նպաստաւոր: Այս մթնոլորտը բարենպաստ պայմաններ կը ստեղծէ վերամուտին:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Պահը լուրջ է. ձեր ընտանիքը եւ ձեր աշխատանքը պիտի ստեղծեն բազմատեսակ հարցեր, որոնց լուծումներ պիտի գտնէք:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Պիտի ունենաք հաճելի պահեր, ձեզ զուարճացնելու առիթները շատ պիտի ըլլան: Ուրախացէ՛ք:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Աշխատանքը եւ առօրեան ձեզ պիտի զբաղեցնեն, բայց եթէ լաւ կազմակերպուելու ճիգ մը ընէք, նոյն ատեն պիտի կարենաք հաճոյքի ժամեր ալ ունենալ:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Ուշադիր եղէք, որ բախումներ չունենաք ձեր ընտանիքին եւ աշխատանքի գործակիցներուն հետ: Առօրեան դժուարութիւններ պիտի ունենայ, որոնց պիտի դիմադրէք:
