Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ո՛չ Փոխանակում, Ո՛չ Ալ Բանակցութիւն Առեւանգողներուն Հետ» Հաստատեց Նախարարաց Խորհուրդը

September 5, 2014
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Կառավարութեան նիստէն պահ մը
Կառավարութեան նիստէն պահ մը

Նախարարաց խորհուրդը երէկ գումարեց յատուկ նիստ մը, որուն օրակարգին 47 կէտերուն առաջնակարգ եւ գլխաւոր տեղը գրաւեց երկրին ապահովական վիճակը, յատկապէս առեւանգեալ զինուորներու կացութեան եւ անոր հետեւած նորագոյն իրադարձութիւններու լոյսին տակ:

Նիստի սկզբնաւորութեան վարչապետ Թամմամ Սալամ անդրադարձաւ երկրին ընդհանուր կացութեան, յատկապէս ապահովական վերջին իրադարձութիւններուն` ընդգծելով, որ կառավարութիւնը քուլիսներու ետին մօտէն կը հետեւի առեւանգեալ բանակայիններու հարցին: Ճիգերը կը շարունակուին յաճախ լուսարձակէ  հեռու` առեւանգեալներուն ապահովութեան նախանձախնդրութեամբ: Զեկուցելէ ետք այս գծով տարուած ու տարուող ճիգերուն մասին` Սալամ նշեց, որ կապ հաստատուած է նաեւ միջազգային պատկան կողմերու հետ, եւ իսլամ կրօնաւորներու միջամտութեան կասեցումէն ետք քուլիսային ճիգերը շարունակուած են այլ միջոցներով, ու կարելի եղած է ազատագրել կարգ մը առեւանգեալ զինուորականներ: Կոչ ուղղելով ազգային միասնականութեան` Սալամ անհրաժեշտ նկատեց նախագահական ընտրութեան կայացումը` նշելով, որ նախագահութեան աթոռին թափուր մնալը ժխտական կերպով կ՛ազդէ երկրին քաղաքական ու ապահովական կացութեան վրայ:

Ռամզի Ժրէյժ
Ռամզի Ժրէյժ

Կառավարութեան աւելի քան վեց ժամ տեւած նիստին սկզբնաւորութեան, ժողովականները մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգեցին նախկին նախարար Ֆարիտ Ռուֆայէլի եւ նահատակ զինուոր Ալի Սէյիտի յիշատակը: Ժողովի աւարտին մամլոյ ասուլիս մը տալով տեղեկատուութեան նախարար Ռամզի Ժրէյժ ներկայացուց նախարարաց խորհուրդի տուած որոշումները, ուր ժողովը յստակօրէն ընդգծած է, թէ առեւանգողներուն հետ ո՛չ փոխանակում, ո՛չ ալ բանակցութիւն տեղի պիտի ունենայ: Նախարար Ժրէյժ յայտնեց, որ վարչապետ Սալամի խօսքէն ետք ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք եւս ժողովականներուն պարզած է առեւանգեալ զինուորականներու հարցին լուծման գծով շարունակուող ջանքերն ու հաղորդակցութիւնները:

Ներկայացնելով նախարարաց խորհուրդին որոշումները` նախարար Ժրէյժ յայտնեց, որ անհրաժեշտ է համակարգել պետութեան եւ քաղաքացիներուն միջեւ գործակցութիւնը` դէմ դնելու համար ահաբեկիչներուն` ընդգծելով, որ առեւանգեալ զինուորականներու ապահովութիւնը ոչ մէկ ձեւով բանակցութեան առարկայ կրնայ դառնալ ահաբեկիչներուն հետ փոխանակման առաջարկի ծիրին մէջ:

ԵՐԿՐՈՐԴ, Արսալի եւ անոր մերձակայքի հարցին հետապնդումը վստահիլ նախարարական յանձնախումբի մը` նախագահութեամբ վարչապետ Սալամի: Յանձնախումբին մաս կը կազմեն պաշտպանութեան, ելեւմուտքի, ներքին գործոց, արտաքին գործոց եւ արդարութեան նախարարները:

ԵՐՐՈՐԴ, կառավարութիւնը ամբողջովին զօրավիգ կը կանգնի բանակի եւ ապահովական ուժերու կատարած քայլերուն եւ առաքելութեան` պահանջելով անոնց հրամանատար կազմերէն որդեգրելու այն միջոցառումները, որոնք անհրաժեշտ են առեւանգեալ զինուորականներու ազատ արձակման եւ Արսալի կացութեան բարելաւման համար:

ՉՈՐՐՈՐԴ, օրինական միջոցներու ճամբով շարունակել անհրաժեշտ հաղորդակցութիւններն ու կապերը այն պետութեանց հետ, որոնք կրնան դրական ազդեցութիւն ունենալ առեւանգեալ զինուորականներու ազատ արձակման ճիգերուն գծով:

ՀԻՆԳԵՐՈՐԴ, լրատուական միջոցներէն պահանջել ըլլալ` բծախնդիր ու գերիվեր դասել ազգային շահերը: Լրատուութիւնը առեւանգողներու շահերուն ծառայող հարթակներու չվերածել ու տեղեկատուութեան նախարարին յանձնարարել այս գծով օրինազանցներու հետապնդումը:

ՎԵՑԵՐՈՐԴ, նշեալ յանձնախումբին վստահիլ անհրաժեշտ միջոցառումներու ձեռնարկումը` այս որոշումներու կիրարկման գծով:

Նախարար Ժրէյժ յայտնեց նաեւ, թէ ժողովականները իրենց խորհրդակցութեանց ընթացքին բարձր գնահատած են նահատակ զինուոր Ալի Սէյիտի հօր խօսքերը` անոր զաւկին թաղման արարողութեան ընթացքին: Վարչապետ Սալամ տրամադրութիւն յայտնած է նիստի աւարտին ընդունելու դահլիճի մուտքին բողոքի եկած առեւանգեալ զինուորականներու ծնողներէն պատուիրակութիւն մը, որ սակայն, մեկնած էր` յուսահատ սպասելէ ետք:

Սալամ փափաք յայտնած է պատուիրակութիւնը ընդունելու այս առաւօտ, սակայն առեւանգեալ զինուորականներու ընտանեկան պարագաները մերժած են տեսակցիլ` նախընտրելով շարունակել իրենց բողոքի ելոյթները, մինչեւ ու իրենց զաւակներու ազատ արձակումը:

 

Նախորդը

Առեւանգեալ Զինուորականներու Ծնողները Բանակէն Պահանջեցին Նախարարները Փոխանակել Իրենց Զաւակներով

Յաջորդը

Կիրակի Օր Արարողութիւն` Աղթամարի Ս. Խաչ Եկեղեցւոյ Մէջ

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.