Առեւանգեալ բանակային թէ ներքին ապահովութեան ուժերու զինուորականներու ընտանեկան պարագաները երէկ շարունակեցին իրենց բողոքի ելոյթները` հիւսիսային Լիբանանէն հասնելով Պէյրութ:
Առաւօտեան ժամերուն անոնք փակեցին հիւսիսային Լիբանանի կարգ մը ճամբաները: Նախարարաց խորհուրդի նիստին զուգահեռ ցուցարարները համախմբուեցան
Ռիատ Սոլհի հրապարակին վրայ` նախարարներէն պահանջելով փութացնել իրենց զաւակներուն, ազատ արձակման ճիգերը: Երկար սպասելէ ետք, յուսահատած ու ընդվզած ցուցարարները 24 ժամուան պայմանաժամ տուին կառավարութեան, այլապէս սաստկացնել որոշելով իրենց բողոքի ելոյթները: Ցուցարարները բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիէն պահանջեցին «ձերբակալել բոլոր նախարարները եւ զանոնք փոխանակել իրենց զաւակներու ազատ արձակման համար»:


