«Թուրքիա 10 հոկտեմբեր 2013-էն ի վեր ՏԱՀԵՇ-ը կը դասէ ահաբեկչական կազմակերպութիւններու շարքին», յայտնեց թրքական դեսպանատան հաղորդագրութիւնը` նշելով, որ նախապէս ալ 2005-էն ի վեր տարբեր անուններով գործած այս կազմակերպութիւնը հետապնդումի ենթակայ է Թուրքիոյ մէջ:
Անցնող 26 օգոստոսին «Նաշրա» կայքին մէջ ՏԱՀԵՇ-ի հետ Թուրքիոյ առեւտրական կապերուն ակնարկող` «Ի՞նչ կը պահէ ամերիկացիներու, սէուտցիներու եւ թուրքերու լռութիւնը» խորագրեալ յօդուածին ի պատասխան, Թուրքիոյ դեսպան Ինան Էօզեըլտըզի ստորագրած պատասխանը կը յայտնէ, որ վեց հազար կասկածելիներու ցանկ մը յանձնուած է Թուրքիոյ` կարգ մը երկիրներու կողմէ եւ թէ նշեալ ցանկին ընդգրկած անձերուն մուտքը արգիլուած է Թուրքիա:
Հաղորդագրութիւնը յայտնեց, որ «Նաշրա»-ի նշեալ յօդուածը հիմնուած է յերիւրածոյ եւ անհիմն տեղեկութիւններու վրայ: Հաղորդագրութիւնը նաեւ ընդգծեց, որ Թուրքիա Միացեալ Նահանգներու հետ կը նախագահէ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի միջազգային կեդրոնին:


