ԵՐԷԿ յետմիջօրէին սաստիկ խճողում արձանագրուեցաւ Տորա-Նահր Մոթ մայրուղիին վրայ` լիբանանեան բանակի ապրանքատար փոխադրակառքի մը խանգարման պատճառով:
ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ ընդունեց Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տէյվիտ Հէյլը, որուն հետ քննեց շրջանի ու Լիբանանի վերջին իրադարձութիւնները:
ԶԻՆԵԱԼ բախումներ տեղի ունեցան հիւսիսային Լիբանանի Շարաունէ գիւղին մէջ` Ժաաֆար եւ Ուեհպէ ընտանիքներուն միջեւ: Կողմերը հանդարտեցան եւ տեղի տուին միայն բանակի միջամտութենէն ետք:
ԱՆԾԱՆՕԹՆԵՐ կրակ բացին երէկ երեկոյ Թրիփոլիի Մալլուլէ հրապարակին վրայ` վիրաւորելով երկու հոգի:
ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի անձնական այցելութեամբ մեկնեցաւ Լիբանանէն` երեսփոխանական իր թեկնածութիւնը ներկայացնելէ ետք:


