Ռուս իրաւապահները վերջապէս ընդառաջած են գործարար Լեւոն Հայրապետեանի աջակիցներուն պահանջին. գործարարը տեղափոխուած է քաղաքացիական հիւանդանոց:
Հայրապետեանի փաստաբան Սամուէլ Քարախանեան «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին ըսաւ, որ անոր առողջական վիճակը կը մնայ անկայուն, ան ունի բարձր ջերմութիւն, բարձր զարկերակային ճնշում, կը տառապի անքնութենէ:
Հիւանդանոցին մէջ մէկ օր տեւած քննութիւններէ ետք Հայրապետեանը տեղափոխած են բանտ:


