
Հայաստանի նախկին նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի կարծիքով, Հայաստան այժմ մտած է «բացասական սպասումներու մեծ շրջանը»:
«Մեր տնտեսութեան իրավիճակի եւ հեռանկարի լաւատեսական գնահատականի համար ո՛չ ներքին եւ ո՛չ ալ արտաքին պատճառներ ունիմ: Աւելի՛ն, ի յայտ եկած են համաշխարհային բնոյթի նոր սպառնալիքներ, որոնց ազդեցութեան աստիճանը տակաւին կարիք ունի գնահատման: Ինչպէ՞ս կ՛ազդեն Արեւմուտքի եւ Ռուսիոյ փոխադարձ պատժամիջոցները համաշխարհային տնտեսութեան վրայ, ռուսական տնտեսութիւնը, ինչպէ՞ս կ՛արձագանգէ անոր, որքա՞ն երկար կը տեւէ ատիկա, կ՛աւելնա՞ն պատժամիջոցները, թէ՞ ոչ եւ այլն», ըսած է նախկին նախագահը, Ռուսիոյ մէջ լոյս տեսնող հայկական «Նոեւ Կովչեկ» ռուսերէն թերթին տուած հարցազրոյցին մէջ: «Անհասկնալի է, թէ ի՛նչ պիտի կատարուի Հայաստանի տնտեսութեան շրջանային բաղադրիչին հետ Եւրասիական տնտեսական միութիւն մտնելէ ետք (խօսքը կը վերաբերի Իրանի եւ Վրաստանի հետ ապրանքաշրջանառութեան): Եւ ընդհանրապէս, ճարտարագիտական առումով ինչպէ՞ս պիտի գործէ միասնական մաքսային տարածքը Ռուսիոյ եւ Արեւմուտքի միջեւ սահմանուած պատժամիջոցներու պայմաններուն մէջ: Այս հարցումներուն պատասխանները կա՛մ չկան, կա՛մ ալ կը կրեն ենթադրական բնոյթ, իսկ ատիկա կը նշանակէ, որ մենք բացասական սպասումներու մեծ շրջան մտած ենք», աւելցուցած է Ռոպերթ Քոչարեանը:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ հանրապետութեան տնտեսութեան առողջացման համար ի՞նչ քայլերու պէտք է ձեռնարկել նախ եւ առաջ, նախկին նախագահը ըսած է, թէ առաջնահերթութիւնը պէտք է դարձնել տնտեսութեան աճն ու աշխատանքի վայրերու ստեղծումը, այլ ոչ թէ ամէն գնով պիւտճէն լեցնելը: Քոչարեան, որուն պաշտօնավարութեան տարիներուն կը կապուի Հայաստանի մէջ սակաւապետերու աննախընթաց հզօրացումը, կարեւոր նկատած է առեւտուրի համար արդար մրցակցային միջավայրի ստեղծումը:
«Անոր կարելի չէ հասնիլ առանց տնտեսութեան ապամենաշնորհացման եւ ազդեցիկ պետական պաշտօնեաներու եւ անոնց մտերիմներուն ախորժակի զսպումին: Պէտք է յստակ ազդակ տալ հասարակութեան, որ որեւէ գործարար նախաձեռնութիւն փափաքելի է եւ օժանդակութեան կ՛արժանանայ, առանց հաշուի առնելու, թէ որո՛ւն շահերուն ատիկա կը դպնայ: Ստեղծել այդպիսի օժանդակութեան արդիւնաւէտ շուկայական մեքանիզմներ: Աւելի լաւ է մոռնալ անձնական շահերը: Որեւէ իշխանութիւն, որ կը յաջողի ատիկա ընել, ուղղակի հասած կ՛ըլլայ յաջողութեան», ըսած է Քոչարեան եւ աւելցուցած. «Ի միջի այլոց, բնաւ չէր խանգարեր դադրեցնել աշխատանքային շաբթուան կազմալուծումը բազմաթիւ մեռելոցներով եւ վերադառնալ նախկին ժամային գօտի: Անբնական է, որ օգոստոսին առաւօտեան ժամը 6:00-էն արդէն լոյս է, երեկոյեան 8:00-ին` մութ, իսկ աշխատանքային օրը կը սկսի ժամը 9:00-ին: Ասիկա երկրին պարտադրուած ոչ թէ արագացման, այլ արգելակման ապրելակարգ է»:


