Բանակի հրամանատարութիւնը հաղորդագրութեամբ մը յայտնեց, որ չորեքշաբթիէն հինգշաբթի լուսցող գիշերուան կանուխ ժամերուն մարդատար վան մը փորձած է շրջանցել բանակի մէկ անցարգելը եւ ապօրինի ձեւով մուտք գործել Լիբանան` Ռաշայա գաւառի Այն Աթա գիւղաքաղաքին ճամբով: Տասը լիբանանցիներ ու երեք սուրիացիներ փոխադրող վանը մերժելով ընդառաջել բանակի անցարգելին ներկայանալու կոչին, կրակ բացած է բանակի դիրքին դէմ: Փոխադարձ կրակոցին պատճառով սպաննուած է սուրիացի մը` Սամի Սալահ Ռաժապ եւ վիրաւորուած երկու ուրիշ սուրիացիներ: Բանակը ձերբակալած է վանի վարորդը (լիբանանցի մը) եւ անոր ճամբորդները: Յետ քննութեան ի յայտ եկած է, թէ անոնցմէ երեքը Ժապհաթ Նուսրայի զինեալներ են, իսկ մնացեալ եօթն սուրիական ազատ բանակի անդամ: Անոնք խոստովանած են, թէ Ժեպել Շէյխի մերձակայ շրջանէն գալով կը փորձէին երթալ Պեքաայի շրջանը միանալու իրենց զինակիցներուն, ահաբեկչական գործողութեան մը նախապատրաստութեան համար:
Միւս կողմէ, բանակը ձերբակալեց Արեւմտեան Պեքաայի Սուէյրի շրջանին մէջ ապաստանած ահաբեկիչներու խմբակ մը` բաղկացած 5 սուրիացիներէ:
Աւելի ուշ բանակը նոյն շրջանին մէջ ձերբակալեց նաեւ վեցերորդ մը, որ ծագումով դարձեալ սուրիացի է եւ անդամ Ժապհաթ Նուսրա խմբաւորումին: Վերջինս` Մոհամետ Պարաքաթ, մասնակցած է լիբանանեան բանակին դէմ կատարուած ահաբեկչական ճակատումներուն, ինչպէս նաեւ` մէկէ աւելի ձերբակալման հրամանագիրներ արձակուած են իր դէմ` ահաբեկչական եւ այլ յանցանքներով:
Վատթարացում` Թրիփոլիի Մէջ
Աւելի ուշ, Աքքար-Պըրքայէլ քառուղիի Թրիփոլի-Հալպա մայրուղին փակուեցաւ` առ ի զօրակցութիւն լիբանանեան բանակին: Քիչ ետք բանակը յաջողեցաւ վերաբանալ ճամբան, որ փակուած էր ՏԱՀԵՇ-ի մէկ անդամին կողմէ «Թուիթըր»-ի վրայ հրապարակած լուրէն ետք, ըստ որուն ՏԱՀԵՇ առեւանգեալ զինուորներէն մէկուն գլխատման սպառնալիքը գործադրած է: Լուրին կ՛ընկերանար նաեւ նահատակ զինուորին պատկերը:


