Զգուշաւոր հանդարտութենէ ետք Արսալի մէջ կացութիւնը վերստին բռնկեցաւ երէկ, երբ լիբանանեան բանակի ճիփ մը թիրախ դարձաւ ահաբեկչական յարձակումին: Փոխադարձ զինարձակումէ ետք բանակը յաջողեցաւ ազատագրել յարձակման թիրախ դարձած զինուորներէն ոմանք, մինչ զոհ տուաւ բանակային մը եւ այլ զինուորի մը հետ հաղորդակցութեան կապը խզուեցաւ: Դէպքը խոր մտավախութեան մատնեց Արսալի բնակիչները, որոնցմէ շատեր նախընտրեցին հեռանալ եւ մերձակայ գիւղեր ապաստանիլ: Բախումները, որոնք հիմանկանին մէջ պատահեցան Արսալէն` դուրս` մերձակայ բարձունքներուն վրայ, զօրաշարժի մատնեցին երկրին վարիչներն ու ապահովական պատկան կողմերը:
Նախարարաց խորհուրդը, որ բախումներուն սկսած ժամուն կը պատրաստուէր հերթական նիստ գումարելու` առաջնահերթօրէն քննեց Արսալի կացութիւնը` մօտէն հետեւելով անոր զարգացումներուն: Բանակի հրամանատար զօր. Քահուաժի ժողովի ընթացքին վարչապետ Սալամին փոխանցեց բախումներու նորագոյն իրադարձութիւնները:
Նմանապէս` Արսալի կացութեան վերստին բռնկումը առանցքը կազմեց տեղական թէ շրջանային ու միջազգային կեցուածքներու, որոնք վերահաստատեցին լիբանանեան բանակին գծով իրենց զօրակցութիւնը:
Մտահոգիչ այս զարգացումներուն մէջ լիբանանեան բանակին խոստացուած ամերիկեան զէնքերու յանձնումի յայտարարութիւնը յոյսի նշոյլ մը առթեց յուսալքումի մատնուած քաղաքացիներուն:


