Նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ հեռագիր մը յղեց Թուրքիոյ նոր վարչապետ Ահմեթ Տաւութօղլուին` շնորհաւորելով զայն իր նոր պաշտօնին առիթով:
Հարիրի մաղթեց, որ Տաւութօղլուի իշխանութեան օրով «Շարունակուին եւ ամրապնդուին լիբանանեան-թրքական բարեկամական յարաբերութիւնները»` դրուատելով Տաւութօղլուն իբրեւ Լիբանանի բարեկամ անձնաւորութիւն:


