Կրթութեան նախարար Էլիաս Ապու Սաապ երէկ յայտարարեց, որ քննութեանց յաջողութեան վկայագիրները վաւերացնող եւ օրինականացնող նախարարաց խորհուրդի որոշումին հրապարակումէն ետք, արտասահման ուսանիլ փափաքող աշակերտները կրնան իրենց յաջողութեան վկայագիրները ստանալ վաղը` 30 օգոստոսին եւ երկուշաբթի, 1 սեպտեմբերին: Իսկ մնացեալ ուսանողները` երեքշաբթի, 2 սեպտեմբերէն սկսեալ:


