ՄԱԿ-ը երէկ յայտարարեց, որ «ՏԱՀԵՇ Սուրիոյ մէջ պատերազմական ոճիրներ գործեց»` նշելով, որ սուրիական վարչակարգին ուժերը անցեալ ապրիլին ութ առիթներով «քլոր» կազը օգտագործեցին:
ՄԱԿ նշեց, որ Սուրիոյ մէջ բանտերու եւ արգելափակման ճամբարներու մէջ մահերու թիւինբարձրացման մասին հետզհետէ աւելի տեղեկութիւններ կը հասնին, ինչպէս նաեւ նշեց, որ 2700 լուսանկարներ ի յայտ բերին, որ սուրիական բանտերուն մէջ կանոնաւոր դրութեամբ չարչարանք գոյութիւն ունի:
ՄԱԿ նաեւ յայտարարեց. «Միջազգային կազմակերպութիւնը ՏԱՀԵՇ-ի զինեալները կ՛ամբաստանէ ամէն ուրբաթ հրապարակաւ քաղաքայիններ մահապատիժի ենթարկելու յանցանքով»:


