Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Երեւանի Պետական Համալսարանի Սփիւռքահայ Դիմորդներու Ընդունելութեան Ժամկէտը Երկարաձգուած Է Մինչեւ 30 Սեպտեմբեր

August 28, 2014
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

0827_ArmenAshodian«Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան կեդրոնին մէջ 27 օգոստոսին տեղի ունեցած է օտար եւ սփիւռքահայ ուսանողներու ընդունելութեան յանձնաժողովի նիստ, զոր վարած է նախարար Արմէն Աշոտեան: Օրակարգի հիմնական հարցերուն անդրադառնալէ առաջ` նախարարը տեղեկացուցած է, որ ընդառաջելով սուրիահայ դիմորդներուն խնդրանքին` սփիւռքահայ եւ օտար դիմողներու փաստաթուղթերու ընդունման ժամկէտը բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւններուն մէջ առկայ վճարովի համակարգին, ինչպէս նաեւ նախնական արհեստագործական եւ միջին մասնագիտական ուսումնական  հաստատութիւններուն մէջ երկարաձգուած է մինչեւ 30 սեպտեմբեր:

Պետական պատուէրով յատկացուած տեղերուն մասին խօսելով` նախարարը ընդգծած է, որ անոնք կը յատկացուին հայագիտական մասնագիտութիւններուն: Մանկավարժական մասնագիտութիւններուն համար սփիւռքահայ ուսանողներու պետական պատուէրը  այս տարի յատկացուած է բացառաբար Գիւմրիի Նալբանդեանի անուան մանկավարժական հաստատութեան:

Նիստի օրակարգին վրայ էր 2014-2015 ուսումնական տարուան համար կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան ներկայացուած սփիւռքահայերու փաստաթուղթերու ընդունման եւ հաշուառման ընթացքը: 22 օգոստոսի դրութեամբ Հայաստանի կրթական բարձրագոյն հաստատութիւններ ընդունուելու դիմում ներկայացուցած է 337 սփիւռքահայ, հիմնական մասը, շուրջ 154 դիմորդ Վրաստանէն, 71-ը` Ռուսիայէն, 67-ը` Սուրիայէն: Օտար դիմողներուն թիւը նոյն օրուան դրութեամբ կազմած է 117: Նիստին ընթացքին  սփիւռքահայ ուսանողները ընդունող  յանձնաժողովը որոշած է Հայաստանի պետական բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւններուն մէջ առկայ ուսուցման 2014-2015 տարեշրջանի մասնագիտութիւններու եւ ընդունելութեան քննութիւններու ցանկով նախատեսուած միասնական եւ կեդրոնացեալ կարգով պետական քննութիւններուն մասնակցած ու համապատասխան առարկաներէն դրական գնահատականներ ստացած դիմորդները ազատ կացուցել այդ նիւթերուն համար նախատեսուած գիտելիքներու ստուգումէն:

Որոշուած է սփիւռքահայ եւ օտար դիմորդներու գիտելիքներու ստուգումը կազմակերպել 29 օգոստոսէն մինչեւ 8 սեպտեմբեր:

 

Նախորդը

Ճատրակ. Արաբական Երկիրներու Աղջկանց Ախոյեանութիւն . Նանօր Առնելեան 2-րդ Դիրքին Վրայ

Յաջորդը

ՄԱԿ. «ՏԱՀԵՇ Սուրիոյ Մէջ Պատերազմական Ոճիրներ Գործեց»

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.