
«Վրեմիա» կը հաղորդէ, որ Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքել եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին Ռուսիոյ մարդասիրական օժանդակութիւն փոխադրող բեռնակառքերուն Ուքրանիա մուտք գործելը սադրանք որակած են:
Մերքել եւ Օպամա կարծիք յայտնած են, որ շարասիւնին յառաջխաղացքը առանց Քիեւի համաձայնութեան սադրանք է եւ գերիշխանութեան ու տարածքային ամբողջականութեան խախտում:
Մերքել եւ Օպամա նաեւ ուղղած են ռուսական ղեկավարութեան հեռացնելու իր զօրքերը Ուքրանիոյ հետ սահմանէն եւ դադրեցնելու զինուորական սպառազինութեան, զէնքի եւ զինեալներու մուտքը դրացի երկիր:


