«Vesti.ru» կը գրէ, որ Չինաստանի Ներքին Մոնկոլիա շրջանին մէջ ամէն ինչ պատրաստ է «Խաղաղ առաքելութիւն-2014» Շանկհայի համագործակցութեան կազմակերպութեան հակաահաբեկչական ռազմափորձերուն համար: Բոլոր զօրքերը տեղակայուած են ռազմափորձերու համար նախատեսուած վայրին մէջ, հրամանատարները զինուորներուն հետ կատարած են քանի մը մարզումներ:
Այս տարի Շանկհայի համագործակցութեան կազմակերպութեան ռազմափորձերը պիտի դառնան պատմութեան մէջ մեծագոյնները: Անոնց պիտի մասնակցին եօթը հազար զինուորներ Չինաստանէն, Ռուսիայէն, Ղազախստանէն, Խըրխըզիստանէն եւ Տաճիկիստանէն:
Ռուսիայէն պայմանական հակառակորդի հետ մարտերուն կը մասնակցին հազարաւոր զինուորներ, հրասայլեր, հետեւակի մարտական մեքենաներ, ինքնագնաց մեքենաներ, բազմափող հրթիռային համակարգեր եւ այլ սպառազինութիւն: Օդէն անոնց պիտի աջակցին ուղղաթիռներ եւ ռազմափոխադրական օդանաւեր:


