ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Ֆուատ Սինիորա երէկ Պլիսի իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Ինան Էօզեըլտըզը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները:
ՆԵՐՔԻՆ գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք յայտնեց, որ Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր քարտուղար հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ առեւանգուած զինուորները ազատ արձակելու առումով ոչ ոքի հետ կը բանակցի:
«ՏԻԱՐ» օրաթերթին համաձայն, ամերիկացի քոնկրեսական Տարիլ Իսա Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերէն պահանջեց Հըզպալլայի հետ համաձայն գտնուիլ` ՏԱՀԵՇ-ին դէմ դնելու համար:
ԵԼԵԿՏՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ընկերութեան սարակները շեշտեցին, որ իրենք պիտի շարունակեն իրենց իրաւունքները պահանջել եւ դատապարտեցին Ելեկտրականութեան ընկերութեան ընդհանուր տնօրէն Քամալ Հայեքի հրապարակած շրջաբերականը, որ 2000 սարակ անգործութեան պիտի մատնէ:
ԱՇԽԱՏԱՒՈՐԱԿԱՆ ընդհանուր համադաշնակցութեան նախագահ Ղասսան Ղոսըն յայտնեց, որ ժամանակն է արդէն վաւերացնելու ուսուցիչներու, պետական պաշտօնեաներու եւ զինուորականներու աշխատավարձերուն յաւելումը եւ վերջնականապէս լուծելու այդ թղթածրարը:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ահմետ Ֆաթֆաթ շեշտեց, որ շիի համայնքին մօտ Ա. դիրքի վրայ գտնուող ղեկավարը Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլան է եւ ոչ թէ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրին:
ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Էլի Մարունի հարց տուաւ, որ արդեօք ուղղակի ժողովուրդին կողմէ հանրապետութեան նախագահի ընտրութիւնը այս հանգրուանին յարմա՞ր է:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան պատասխանատուներէն Էտի Ապի Լամաա շեշտեց, որ իրենք կը զօրակցին խորհրդարանի պաշտօնավարութիւնը չերկարաձգելու խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի կեցուածքին եւ նախագահական ընտրութիւնը առաջնահերթութիւն կը նկատեն:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Ֆայեզ Շքըր շեշտեց, որ Իսլամ կրօնաւորներու խորհուրդը կողմ կը նկատուի եւ ոչ թէ միջնորդ` առեւանգուած զինուորները ազատ արձակելու: Ան հաստատեց, որ եթէ լիբանանեան պետութիւնը արտօնէ, ապա Հըզպալլա կրնայ նպաստել առեւանգուած զինուորներուն ազատ արձակումին:
«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի Լիբանան վերադառնալէն ետք Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի պիտի հաստատէ, որ նախագահ ընտրուելու անոր առիթներն ու յոյսերը քիչ են:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ասեմ Արաժի յայտնեց, որ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումին կողմէ սահմանադրութեան բարեփոխումի առաջարկը սխալ ժամանակի ընթացքին ներկայացուած է:
ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ հարցերու նախարար Ռաշիտ Տըրպաս հաստատեց, որ Լիբանան խեղդուելու սեմին կը գտնուի եւ այլեւս պիտի կքի գաղթականներուն բեռան տակ:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Քասեմ Հաշեմ շեշտեց, որ իրենք կը զօրակցին որեւէ առաջարկի, որ ազգային ամբողջական ըմբռնումի շրջագիծին մէջ կը բարեկարգէ լիբանանեան վարչակարգը:
ԴԻՒԱՆԱԳԻՏԱԿԱՆ աղբիւրներ «Տիար» օրաթերթին յայտնած են, որ Լիբանանի մէջ քաղաքական առկախ մնացած թղթածրարներուն շուրջ համաձայնութիւն մը պիտի չգոյանայ:
ՄԱՐՈՆԻ խորհուրդի նախագահ Ուատիհ Խազեն քաղաքական ղեկավարութիւններէն կը յուսայ նկատի ունենալ յաջորդ հանգրուանին վտանգը եւ հանրապետութեան նախագահի ընտրութիւն կատարել:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Իպրահիմ Նաժժար շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ գտնուող սուրիացի գաղթականներուն տունդարձը մերժելու առումով սուրիական իշխանութեան վերագրուած կեցուածքները ջրուած են:
«ՀԱՅԱԹ» օրաթերթին համաձայն, խորհրդարանի պաշտօնավարութեան երկարաձգումը կատարուած իրողութեան վերածուած է եւ այս հանգրուանին ամէն ջանք ի գործ կը դրուի` անոր յարմար դասաւորում մը կատարելու:


