Արեւադարձային շրջանին մէջ ՄԱԿ-ի «Օքափի» ձայնասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ Քոնկոյի ժողովրդավարական հանրապետութեան հիւսիսարեւմտեան շրջանի տեղական իշխանութիւնները յայտնած են, որ «անծանօթ հիւանդութեան» մը պատճառով 75 մարդ մահացած է:
Քոնկոյի առողջապահութեան նախարար Ֆիլիքս Քապանկի Նումպի նշեց, որ նախարարութիւնը կը հսկէ 80 անձերու, որոնք կապի մէջ էին հիւանդութենէն մահացած 75 անձերու հետ եւ որոնք կը խնամուին իրենց տուներուն մէջ:


