Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հակառակ Յոռետեսութիւն Առթող Կեցուածքներու. Քուլիսային Ճիգերը Կը Շարունակուին` Կացութեան Բարելաւման Գծով

August 21, 2014
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

000_nic267547Ժողովրդային եւ յատկապէս քաղաքական ղեկավարներու մտահոգութիւնները կեդրոնացած են առաւելաբար երկրի նախագահի թափուր աթոռին, խորհրդարանական ընտրութեանց ժամկէտը յարգելու անհրաժեշտութեան, քաղաքացիներու, յատկապէս` ուսուցիչներու եւ ուսանողներու պահանջներուն եւ ապրուստի տարրական այլ պահանջներու վրայ: Պահանջներ, որոնք «համեմուած» մերձակայ երկիրներէն (Իրաք, Սուրիա, Պաղեստին…) հասնող ապահովական թէ քաղաքական անբաղձալի տեղեկութիւններով, յուսալքումի եւ յոռետեսութեան մղող մթնոլորտ կը ստեղծեն, յատկապէս երբ հետզհետէ կը շեշտուի այն վարկածը, թէ Լիբանանի կացութեան բարելաւումը կախեալ է շրջանային թէ միջազգային կապերու արդիւնաւէտութենէն:

Այս իմաստով, տեղական թէ արտաքին որոշ կեցուածքներ ու իրադարձութիւններ կու գան նոր յոյս ներշնչելու հարցերու բարեյաջող լուծման գծով: Արդարեւ, կարգ մը աղբիւրներ քուէյթեան «Նահար» թերթին յայտնած են, որ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի այս անգամ Լիբանան կը վերադառնայ միայն նախագահական ընտրութեան գոհացուցիչ լուծման եւ խորհրդարանական ընտրութեանց ճամբայ հարթող համապարփակ լուծման կանաչ լոյսով: Այս ծիրին մէջ, քաղաքական լաւատեղեակ աղբիւրներ սէուտական «Օքազ» թերթին յայտնած են համապարփակ լուծման գծով լիբանանեան զանազան կողմերու թափած ճիգերուն եւ գոյութիւն ունեցող ուղղութեան մը մասին, որ կ՛ընդգրկէ խորհրդարանի պաշտօնավարութեան երկարաձգումը եւ նախագահական ընտրութեան կայացումը: «Այս լուծումը տակաւին կը դիմագրաւէ որոշ դժուարութիւններ, սակայն գրեթէ բոլոր լիբանանեան կողմերը կը գիտակցին, թէ կը գտնուին նման հաւանականութեան հրամայականին առջեւ, նախքան խորհրդարանի պաշտօնավարութեան աւարտի ժամկէտը», նշած են նոյն աղբիւրները:

Նմանապէս, «Ախպար» օրաթերթը արեւմտեան շրջանակներու խորհրդակցութեանց քաջածանօթ աղբիւրի մը վերագրելով իր տեղեկութիւնները, կը յայտնէ, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարար Սէուտ Ֆայսալ իշխանի խորհրդակցութիւնները Սոչիի մէջ ընդգրկած են նաեւ Լիբանանի իրավիճակը, որ «պիտի թեւակոխէ տարբեր հանգրուան մը եւ նոր իրականութիւն մը, յատկապէս նախագահի ընտրութեան գծով եւ ուր Դամասկոս, նախագահ Պաշշար Ասատի դերակատարութեամբ, իր խօսքը պիտի ունենայ այս գծով»: Այլ խօսքով, նորընտիր նախագահը ընդունելի պէտք է ըլլայ նաեւ Սուրիոյ կողմէ: Իսկ Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտի կոչը` շրջանի ու յատկապէս Իրաքի քրիստոնեաներուն գծով միջազգային վեհաժողովի մը գումարումը, կու գայ «տաք կրակ»-ի վրայ դնելու շրջանի կացութեան դասաւորման ճիգերը, որոնցմէ անպայման Լիբանան եւս իր դրական ազդեցութիւնը պիտի կրէ:

Նոյն ծիրին մէջ, «Ժումհուրիա» օրաթերթը լաւատեղեակ աղբիւրներու կը վերագրէ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան պետ Ուալիտ Ժոմպլաթի դարձեալ Ռապիէ այցելութիւնը, զօրավար Միշել Աունի մօտ, ինչ որ ենթահող կրնայ պատրաստել Լիբանանի մէջ մօտալուտ դրական զարգացումներու:

 

Նախորդը

Թեր Ու Դէմ Կարծիքներ` Ընտրական Խորհուրդները Աշխատանքի Հրաւիրող Հրամանագիրին Գծով

Յաջորդը

Դէպի Իրաք Կատարած Պատմական Այցելութեամբ. Արեւելքի Պատրիարքներու Պատուիրակութիւնը Ահազանգ Կը Հնչեցնէ Շրջանի Փոքրամասնութեանց Եւ Քրիստոնեաներու Պարզած Իրավիճակին Գծով

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.