
Խորհրդարանի պաշտօնավարութեան աւարտի մօտալուտ ժամկէտի իրողութեան լոյսին տակ ընտրական խորհուրդները աշխատանքի հրաւիրող հրամանագիրը իր վրայ կեդրոնացուց տարակարծիք կողմերու ուշադրութիւնը, որոնք թեր ու դէմ կեցուածքներով արձագանգեցին անոր:
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի յայտնեց, որ կառավարութիւնը այս գծով իր պարտականութիւնը կատարեց` միաժամանակ նշելով այս առնչութեամբ յատուկ օրինագիծի մը հրապարակումը: Պըրրի չորեքշաբթի օրուան հանդիպումին մասնակցած երեսփոխաններուն հետ իր ունեցած խօսակցութեանց ընթացքին անհրաժեշտ նկատեց երեսփոխանական ընտրութեանց կայացումը` իր ճշդուած ժամկէտին, որպէսզի վերարդիւնաւորուի իշխանութեան գործունէութիւնը:
Փաղանգաւոր կուսակցութեան պատասխանատու, աշխատանքի նախարար Սըմաան Քազզի ըսաւ. «Սահմանադրութեամբ ճշդուած մեր պարտականութիւնը կատարեցինք, իսկ անկէ անդին, ով որ կ՛ուզէ երկարաձգել խորհրդարանի պաշտօնավարութիւնը` իր քաղաքական հարցն է»:
Իր կարգին, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ, սպառնաց հրաժարիլ իր երեսփոխանական հանգամանքէն, եթէ Փաղանգաւոր կուսակցութեան նախագահ Ամին Ժեմայէլ ընդառաջէ խորհրդարանի պաշտօնավարութեան երկարաձգման հաւանականութեան:
Ներքին գործոց նախկին նախարար Զիատ Պարուտ անդրադառնալով անցնող երեքշաբթի օր կառավարութեան կողմէ ընտրական խորհուրդները ժողովի հրաւիրելու հրամանագիրին ըսաւ. «Օրէնքը տեսակէտ չէ, այլ կան սկզբունքային ու պարտադիր պայմանաժամեր»: Ան դիտել տուաւ, որ այս մէկը ձեւական է, «որովհետեւ յստակ է, թէ բոլորը կ՛ուղղուին դէպի երկարաձգում»:
Նախկին երեսփոխան Սալահ Հընէյն յայտնեց, որ «խորհրդարանը չի կրնար երկարաձգել իր պաշտօնավարութեան ժամանակը եւ անոր պարտականութիւնը ներկայիս պարզապէս նախագահի ընտրութիւնն է»:


